Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտարարած է, որ իրանական նաւահանգիստներուն վրայ Միացեալ Նահանգներու ռազմածովային շրջափակումը պիտի չհասնի իր նպատակներուն։
«Ծովային շրջափակում կամ սահմանափակումներ կիրառելու որեւէ փորձ կը հակասէ միջազգային իրաւունքին եւ դատապարտուած է ձախողման»,– Այս մասին ըսած է Փեզեշքիանը յայտարարութեան մէջ, որ տարածուած է իրանական լրատուամիջոցներու կողմէ։
Ան աւելցուցած է, որ նման միջոցառումները «ոչ միայն պիտի չամրապնդեն տարածաշրջանային անվտանգութիւնը, այլեւ իրականութեան մէջ լարուածութեան աղբիւր են եւ կը խաթարեն կայունութիւնը Պարսից ծոցին մէջ»։
Իրանի հետ հրադադար յայտարարելէ քանի մը օր ետք, Ապրիլ 13-ին, Միացեալ Նահանգները ռազմածովային շրջափակում սահմանած է իրանական նաւահանգիստներուն նկատմամբ։
Իրանը խստօրէն դատապարտած է շրջափակումը՝ զայն որակելով հրադադարի խախտում։