Մոսկուա - Երեւան - Պաթում օդանաւը Ռոսթովի մէջ արտակարգ վայրէջք կատարած է, «Sputnik Կրուզիա»-ին տեղեկացուցած է ուղեւորներէն մէկը:
Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ օդանաւի հրամանատարը նման որոշում կայացուցած է, քանի որ օդանաւին մէջ գտնուող ուղեւորներէն մէկը իրեն վատ զգացած է:
Ինչպէս «Sputnik Կրուզիա»-ին յայտնած են Պաթումի օդակայանէն, սա վրացական օդային փոխադրող Georgian airways եւ հայկական Armenia ընկերութիւններու համատեղ թռիչքն է: Օդակայանի աշխատակիցներն առայժմ տեղեկութիւն չունին, թէ երբ օդանաւը վայրէջք պիտի կատարէ Պաթումիի մէջ:
Միջադէպի միւս մանրամասները կը պարզուին: