image

Մտքի, Խղճի Ու Հոգիի Խոստովանանք (Քնար Աբրահամեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Մտքի, Խղճի Ու Հոգիի Խոստովանանք (Քնար Աբրահամեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

1991-ի մութ ու ցուրտ գիշերներ..

Հայրենիքի կանչը ահազանգ էր քեզի համար:

«Ով որ քաջ է, ի՞նչ կը սպասէ, արդէն ժամանակն է, թող գայ» ըսի՛ր ու շատ չանցած` վեհ գաղափարը գործի վերածեցիր:

Բազմանդամ ընտանիք, աշխատանք, լայն շրջանակ, հանգիստ կեանք` բոլորը ետիդ թողած` շտապեցիր պարտականութիւնդ ի կատար ածելու:

Զինուած` անգլերէն լեզուի բարձր իմացութեամբ, համբերութիւնը, համեստութիւնն ու հեզութիւնը միջոց որդեգրելով` գրաւեցիր աշակերտներուդ սիրտերն ու հոգիները: Տուի՛ր աւելիով` առանց փոխադարձ ակնկալութեան: Նպատակդ, որ երբե՛ք տկարութիւն չճանչցաւ, ամրակուռ կամքդ էր գիտելիքներու ճամբով եւ ուրոյն ոճով պայքարելու կեանքի դժուարութիւններուն դէմ:

«Ուսում եւ մարդկային արժանիքներ միատեղ» կը յորդորէիր մեզ, «առանց արժանիքներու ուսումը անիմաստ է»: Իսկ մարդկային արժանիքներու թագուհին ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆն էր քեզի համար:

Եղար ՀԱՒԱՏԱՒՈՐ ու ԳԱՂՏՆԱՊԱՀ կուսակցական, ՆՈՒԻՐԵԱԼ ԼՕԽ-ական եւ հայ մշակոյթի ԾԱՌԱՅԱՍԷՐ համազգայնական:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թէժ տարիներուն քեզի վստահուած «պարտականութիւններ»-ը կատարեցիր ամենաբարձր գիտակցութեամբ, թաքուն, լուռ ու մունջ: ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի պետական հրամանի ժամադրութեան ապահովումը իրականացաւ օտարազգի անձնական աշակերտուհիիդ միջոցով, որուն մասին շատ քիչերը գիտեն: Կարիքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակներու բերիր անսակարկ մասնակցութիւնդ, որուն մասին դարձեալ միայն վերջերս իմացանք: Այսպիսով, եկար հաստատելու Վահան Թէքեանի հետեւեալ տողերը.

«………………… ի՛նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.

Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՛կ, ա՛յն մնաց».

«Ինչ որ գնաց ուրիշին` վերադարձաւ անուշցած

Ու զօրացած` հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան.

Ինչ որ տարաւ Սէրն ինծմէ` չկորսնցուց զայն Աստուած,

Տուաւ ինձ ետ ու ըրաւ կեանքս անով միշտ բուրեան…»:

Ուշացայ… չհասայ…

Մտայ սենեակդ, անկողնիդ շուրջը զարդարուած էր Մուշեղ Գալշոյեանի, Համօ Սահեանի, Ռազմիկ Դաւոյեանի եւ Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» գիրքերով: Վերջինիս Բան Բ, Բ.-ի նախավերջին տողերը, ուր թաշկինակ մը դրած էիր որպէս էջացոյց` հետեւեալ տողերը կարդացի.-

«Յուսահատ օրս չարագործիս, Տէ՛ր,

Քո անակնկալ բարին շնորհի՛ր,

Ո՜վ բարեբանեալ փրկի՛չ բոլորի,

Հիւանդ ոչխարիդ որպէս ուղեկից

Չլինի որ տաս դժնդակ գազան»:

Քոշեան-Քամալեանի, Տաթեւիկ Սազանդարեանի, Գոհար Գասպարեանի, Օֆելիա Համբարձումեանի երգերէն «Խռոված էր», «Սարի սիրուն եար», «Որսկան աղբեր», «Կիկոն», «Կիլիկիա» եւ «Անուշ» օփերայէն հատուածներ, նոյնիսկ «Պըհպաք եա Լուպնան» երգը հիւանդանոցի մահիճիդ մէջ ամբողջ ուժովդ երգեցիր` զարմանք պատճառելով բոլորին: Խօսակցութեան մը ընթացքին ափսոսանքով նշեցիր. «Միակ բանը, որուն համար կը զղջամ, կանուխէն Հայաստան չհաստատուիլս ու ձայնամարզութեան չհետեւիլս եղաւ»: «Եթէ գացած ըլլայի…»: Հակառակ անոր որ կեանքը, ինչպէս նաեւ պատմութիւնը «եթէ»-ներ չեն ճանչնար, պէտք է խոստովանիմ, որ դուն մեր տան ու շրջապատին ամենափայլուն երգչուհին ու երգերու մեկնաբանը եղար` ճոխացնելով եւ յատուկ փայլք տալով մեր ընտանեկան ու ընկերային հաւաքներուն:

Տապանաքարիս վրայ հետեւեալը կը գրէք թելադրեցիր. «Կեանքիս ամենաուրախ ժամանակահատուածը Հայաստան ապրած տարիներս էին»:

Անմասն չմնացիր անսակարկ մասնակցութիւնդ բերելով Մեծի Տանն Կիլիկոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» եւ Համազգայինի «Գորանի» ազգագրական երգչախումբին: Կ՛երգէիր դիւթիչ եւ քու էութեանդ համահունչ հոգեյոյզ ձայնով:

Մեծ ընտանիքիդ ու շրջապատիդ ձգեցիր այնպիսի արժէքներ, որոնք անգնահատելի են, անհամեմատելի` սովորական պարզ մարդու ետին թողածին: Դրական ընկալում կը ցուցաբերէիր ու քայլ կը պահէիր յարափոփոխ ժամանակի պարտադրած մտայնութեան ու բազմազանութեան գաղափարին հետ: Բնութեան պարզութիւնն ու գեղեցկութիւնը կ՛ըմբոշխնէիր լիարժէք: ԱԶՆՈՒԱԿԱՆ կեցուածքով եւ մարդկային միջակութիւններէ հեռու մնալով` յատուկ դրոշմդ դրիր ՄԱՐԴ արարածի իսկական իմաստին վրայ:

«Ընտանիքիս անդամներէն ոեւէ մէկուն ցաւը չտեսնեմ» ըսիր եւ այդպէս ալ եղաւ: Թող մաքուր հոգիդ ննջէ խաղաղութեամբ եւ հանգչի աստուածային լոյսերու մէջ: Թարմ շիրիմիդ վրայ այրող Դադիվանքէն բերուած մոմերը մի՛այն քեզի կը վայլեն:

Հողը քեզմով հարստացաւ, իսկ մենք բացակայութեամբդ աղքատացանք:

Հեռացար` ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՄԲ, հաշտ ճակատագիրիդ հետ, առանց դոյզն ըմբոստութեան:

«Եղիցին կամք Քո» ըսիր ու ետ չնայեցար… Գացիր դէպի աղբի՛ւրը լոյսին:

 

ՆԱՅԻՐԻԴ

 

 

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն: