Ռուսիոյ Դաշնութեան, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի եռակողմ աշխատանքային խումբի յաջորդ դէմ առ դէմ հանդիպման ժամը եւ վայրը պիտի որոշուի երեք երկիրներու փոխվարչապետերու խորհրդակցութիւններէն ետք։ Այս մասին ТАСС-ին ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը։
«Այսօր` օրուան ընթացքին, աշխուժ խորհրդակցութիւններ կ'իրականացուին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետներու միջեւ՝ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ թոխադրային հաղորդակցութեան վերականգնման հարցի շուրջ՝ եռակողմ աշխատանքային խումբի շրջածիրէն ներս՝մեր համատեղ նախագահութեամբ»,-ըսած է Օվերչուքը. «Եռակողմ աշխատանքային խումբի յաջորդ հանդիպման տեղի եւ ժամանակի վերաբերեալ վերջնական որոշումը պիտի կայացուի խորհրդակցութիւններէն ետք»։