image

Միքայէլ Սրբազանը շտապ վիրահատութեան կարիք ունի. Գառնիկ Դանիէլեան

Միքայէլ Սրբազանը շտապ  վիրահատութեան կարիք ունի. Գառնիկ Դանիէլեան

Միքայէլ Սրբազան անյապաղ վիրահատութեան կարիք ունի, ես նաեւ այդ հարցը բարձրացուցած եմ: Այդ զգայուն, շատ կարեւոր հարցը պէտք է օր առաջ լուծուի: Այս մասին Ազգային ժողովին մէջ, լրագրողներուն հետ զրոյցին ըսած է «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան:

«Սրբազանին պէտք է հնարաւորութիւն ընձեռնուի իր բժշկի հսկողութեամբ եւ անմիջական մասնակցութեամբ կատարուի վիրահատութիւն: ՔԿՀ-ներում (Քրէակատարողական Հիմնարկ) գրանցուող տխուր վիճակագրութիւնը մեզ զգօնութեան, սթափութեան առիթ է տալիս, որ այս հարցերի վերաբերեալ մենք այնպէս պիտի անենք, որ գրանցուած 23 մահերը չդառնան 24: Ցաւով ուզում եմ նաեւ ասել, որ կարող է այդ 24-րդը, Աստուած մի արասցէ, լինի Սրբազան հայրը»,- նշած է Դանիէլեան:

 

Տեղեկացնենք, որ Ազգային ժողովին մէջ կը քննարկուին ՔԿՀ-ներուն մէջ եղած խնդիրները: