image

Միլէյ Սիրըս Հաշիշ Օգտագործեց Բեմին Վրայ

Միլէյ  Սիրըս  Հաշիշ  Օգտագործեց   Բեմին Վրայ

Վանքուվըր- («Ալ-Նահար»- Պէյրութ)- Ինչպէս իր բոլոր համերգներու ընթացքին կատարած տարօրիանակութիւններով, միջազգային ճանաչում ունեցող 23-ամեայ երգչուհի՝ Միլէյ  Սիրըս այս անգամ նոյնպէս մեծ աղմուկ բարձրացուցած է հանդիսատեսներու շրջանակէն ներս իր վերջին համերգին, որ տեղի ունեցած է Գանատայի Վանքուվըր քաղաքին մէջ, այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Ալ-Նահար»ը : «Նահար» կը հաղորդէ նաեւ, որ սոյն համերգը տեղի ունեցած է երգչուհիի վարած երաժշտական շրջագայութեան շրջանակներէն ներս, որ կը կրէ «Milky Milky Milky» անունը: Այս անգամ Սիրըս անցնելով համարձակութեան բոլոր սահմանները, հասած էր այն աստիճանի, որ բեմին վրայ թմրանիւթ օգտագործէ եւ իր վրան կրած կիսամերկ հագուստներէն ալ ձերբազատուելով, հանդիսատեսին առջեւ ներկայացած է ամբողջական «մերկ» մարմինով, ինչը կարգ մը մարդոց կողմէ դիտուած է  որպէս քաղաքավարութեան սահմանէն դուրս արարք: