image

Միջերկրական ծովու 9 երկրի մէջ անտառային հրդեհներ

Միջերկրական ծովու 9 երկրի մէջ անտառային հրդեհներ

Միջերկրական ծովու ինը երկրի մէջ անտառային հրդեհներ բռնկած են, Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ հազարաւոր հրշէջներ կ'աշխատին ծայրայեղ շոգի պայմաններու մէջ՝ զսպելու բարձր ջերմաստիճանէն, չոր պայմաններէն եւ ուժեղ քամիէն առաջացած կրակը:

Ինչպէս գրած է The Guardian-ը, բարձր ջերմաստիճանը անտառային հրդեհներ առաջացուցած է Միջերկրական ծովու երկու կողմը գտնուող երկիրներու մէջ, առնուազն 34 մարդ զոհուած է Ալճերիոյ մէջ: Ալճերեան TSA առցանց լրատուական կայքը, յղում ընելով Ազգային օդերեւութաբանական գրասենեակին, յայտնած է, որ որոշ շրջաններու մէջ ջերմաստիճանը հասած է Սիլսիուսի սանդղակով մօտ 50 աստիճանի:

Պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով՝ զոհվածներու շարքին են 10 զինուոր:

Անտառային հրդեհներ բռնկած են նաեւ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Լաթաքիոյ անտառներուն մէջ:

«Հրշէջ խումբերը կը փորձեն հանգցնել Լաթաքիոյ հիւսիսային գիւղերու անտառներու մէջ բռնկած զանգուածային հրդեհները, որոնք մինչ այժմ անվերահսկելի են», -յայտնած է North Press Agency-ն:

Իտալիան եւս տուժած է  անտառային հրդեհներէ: Այնտեղ առնուազն եօթ մարդ զոհուած է։  Սիսիլիայի Քաթանիա քաղաքին մէջ գրանցուած է 47,6 աստիճան շոգ:

Յունաստանը նոյնպէս տուժած է: Մասնաւորապէս, Հռոտոս կղզիէն աւելի քան երեսուն հազար մարդ տարհանուած է:

Ֆրանսայի Պուշ-տիու-Ռոն բաժնէն ներս յայտարարուած է «տագնապի կարմիր աստիճան»: 

Խրուաթիոյ մէջ քամին այնքան ուժեղ եղած է, որ հրդեհաշիջող օդանաւերը չեն կրցած օդ բարձրանալ, հաղորդած են տեղական լրատուամիջոցները: 

Անտառային հրդեհները պատուհասած են Չերնոկորիան, Սպանիոյ Կրան Քանարիա կղզին, Փորթուկալը: