Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն անընդունելի կը համարէ որեւէ մէկու կողմէ 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան միայն մէկ կէտը վերցնելն ու ատոր վրայ շեշտադրում ընելը։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ վարչապետը թեմային անդրադարձած է այն պարունակին մէջ, որ Ատրպէյճանը պարբերաբար կը շեշտադրէ նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտե, որ կը վերաբերի տարածաշրջանային հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակման՝ Հայաստանը անհիմն մեղադրելով այդ կէտի կատարումէն հրաժարելու մէջ։
«Խաղաղութեան խաչմերուկ. միաւորելով անվտանգութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը» խորագրով համաժողովի ժամանակ ունեցած ելոյթին մէջ, անդրադառնալով 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան, Փաշինեանն ըսած է, որ խնդիրներն այդտեղ տարբեր հարթութեան են:
«Որեւէ կերպ չի կարելի եռակողմ յայտարարութեան մի կէտը վերցնել ու ծածանել, քանի որ եռակողմ յայտարարութիւնն ունի 9 կէտ: Եկէք անդրադառնանք մնացած կէտերին. իսկ որտե՞ղ է հիմա Լաչինի միջանցքը, իսկ որտե՞ղ են հիմա խաղաղապահները, որոնք, եռակողմ յայտարարութեան համաձայն, պէտք է տեղակայուած լինէին Լեռնային Ղարաբաղում, իսկ որտե՞ղ է եռակողմ յայտարարութեան 7-րդ կէտը, որով ասւում է, որ ներքին տեղահանուած անձինք եւ փախստականները վերադառնում են Լեռնային Ղարաբաղի տարածք եւ յարակից շրջաններ՝ ՄԱԿ-ի փախստականների հարցով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի վերահսկողութեան ներքոյ: Ինչո՞ւ ներքին տեղահանուած անձինք եւ փախստականները չեն վերադարձել եւ չեն վերադառնում Լեռնային Ղարաբաղ, ինչո՞ւ այդ ամէնը տեղի չի ունենում»,-մանրամասնած է վարչապետը:
Ան նկատած է՝ Ատրպէյճանը շատ կը խօսի անհետ կորսուածներու խնդրի մասին, բայց Հայաստանն այսօր շուրջ 1000 անհետ կորսուած մարդոց ցուցակ ունի, որոնց ճակատագիրը նոյնպէս պէտք է պարզաբանէ: Գերեվարուած անձինք կան, որոնք 2020 թուականէն մինչեւ այսօր կը գտնուին ատրպէյճանական գերութեան մէջ: «Ասում են, թէ նրանք ռազմագերի չեն: Սակայն այդ կէտը (խմբ.-նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 8-րդ կէտը, որ կը վերաբերի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձանց փոխանակման) միայն ռազմագերիների մասին չէ, ռազմագերիների, պատանդների եւ այլ պահուող անձանց մասին է»,-նշած է Փաշինեանը:
Ան կրկնած է՝ եռակողմ յայտարարութենէն մէկ կէտ վերցնելու ու ատոր վրայ շեշտադրում ընելու մօտեցումն անընդունելի է։
«Եթէ մենք ուզում ենք անդրադառնալ 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեանը, ուրեմն պէտք է գնանք, սկսենք կարդալ վերնագրից եւ նախադասութիւն առ նախադասութիւն խօսենք դրա իրագործման մասին»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ շեշտելով, որ եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտը, որ կը վերաբերի տարածաշրջանի հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակման, յայտարարութեան վերջին կէտն է։