Դպրեվանքի մէջ Աստուծոյ սուրբ սեղանին ծառայելու սէրը կը սերմանուի: Դպրեվանքի նոր արձանագրուած սաներէն շատեր խորան բարձրանալու պատիւին արժանացած չեն ըլլար, իսկ ուրիշներ իրենց ծուխերու եկեղեցիներուն մէջ որոշ չափով փորձառութիւն ձեռք ձգած կ՛ըլլան: Բոլոր պարագաներուն, միայն դպրեվանքի ձուլարանէն անցնելէն ետք անոնք ամբողջովին կը հասկնան, թէ բծախնդիր ծառայութեան դիմաց է միայն, որ անձ մը կրնայ արժանանալ կարգի բարձրացման: Կարգի բարձրացման նախապայմանը խոնարհ սիրտն է եւ զայն վառ պահող ծառայութեան սէրը:
Դպրեվանեցիին առջեւ պարզուած առաջին եկեղեցական աստիճանը դպրութիւնն է: Այլ խօսքով, եթէ դպրեվանեցին սաղմոսներ ընթերցելը, ծառայութեան կերպն ու ձեւերը չսորվի, չի կրնար դպիր ձեռնադրուիլ եւ դպրութեան պաշտօնը կատարել եկեղեցիին մէջ: Համաձայն մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան, եթէ մէկը դպիր ձեռնադրուած չէ, եկեղեցւոյ մէջ ո՛չ կրնայ դուռը բանալ, ո՛չ խորանի մոմերն ու կանթեղները վառել, ո՛չ իսկ գետինը աւլել: Այլ խօսքով, Աստուծոյ սրբութիւնը այնքան բարձր է` ի դիմաց մեր մեղաւոր անձին, որ նոյնիսկ Անոր տան մէջ մաքրութեան գործ ընելու արժանաւորութիւնը չունինք: Այս մօտեցումը երբեք չի նշանակեր, թէ Աստուած ինքզինք հեռաւորութենէ մը բարձր կը պահէ մարդոցմէ եւ կը դժուարացնէ մարդոց Իրեն մօտենալու ճիգը, սակայն եկեղեցին կ՛ուզէ այնպիսի դաստիարակութեամբ մը մօտենալ մեզի, որ կարենանք լիովին արժեւորել Աստուծոյ ցուցաբերած մօտիկութիւնն ու շնորհքը մեզի հանդէպ, եւ որպէսզի նաեւ կարենանք ճիշդ կերպով ապրիլ իր շնորհքը:
Ներկայ ընկերութեան մէջ բարօր եւ հանգստաւէտ ապրիլը բնականօրէն հաստատուած իրաւունքի վերածուած է, եւ ոչ` ճիգի արդիւնք, որուն հասնելու համար արդարօրէն պէտք է ձգտիս անոր ու անդադար աշխատիս: Զարմանալի չէ, որ երիտասարդութեան որոշ տոկոսի մը մօտ այս մօտեցումը կը զարգանայ, որովհետեւ խոնարհութիւնը իր դերն ու կարեւորութիւնը կորսնցուցած է: Որեւէ բարիքի կամ օրհնութեան արժէքը գիտնալու նախապայմանը խոնարհ սիրտն է, որ կ՛ընդունի, թէ ինք արժանի չէր ստացածներուն, սակայն այդ բոլորը շնորհուեցան իրեն: Եւ եթէ արժէքներու չգիտակցելու մօտեցումը աւելի լայն տեղ գտնէ մեր ընկերութեան մէջ, ինքնաբերաբար մսխումը, սխալ վարուելակերպն ու մօտեցումները եւ բախումները պիտի յաջողին աղաւաղել ընկերութեան գեղեցկութիւնը: Այս պարագային, որքա՜ն անհրաժեշտ է եկեղեցւոյ ճամբով Աստուծոյ օրհնութիւններուն եւ շնորհներուն արժէքը գիտնալը, այլապէս ապաշնորհութիւնը մարմին պիտի առնէ ու տարածուի մեր կեանքին մէջ:
Այս գիտակցութենէն մղուած, եկեղեցին համապատասխան դաստիարակիչ մօտեցում որդեգրած է եկեղեցւոյ կարգին մէջ` խոնարհութիւնը ագուցելով ծառայութեան հետ: Աստուածաշունչը ինք կը սորվեցնէ մեզի, թէ այն ծառայութիւնը, որ խոնարհութեամբ չի կատարուիր, Աստուծոյ համար ընդունելի չէ: Ի վերջոյ, ծառան ինչպէ՞ս կրնայ խոնարհ չըլլալ, մանաւանդ որ ծառայութեան տիպարը եղաւ մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս, իբրեւ Աստուած` մեղաւոր մարդոցս ծառայութիւն ցոյց տալով:
Դպրեվանեցիին մէջ առաջին իսկ տարիէն կ՛արթննայ այն ցանկութիւնը, որուն ընդմէջէն ինքն ալ կը փափաքի արժանանալ խորանի ծառայութեան, նոյնիսկ` գէթ խորանին մոմը վառելու, կանթեղին ձէթը լեցնելու, բուրվառին ածուխը վառելու եւ այլն: Իսկ եթէ ձեռնադրուած է, անպայմանօրէն անհամբեր կը սպասէ դպրեվանքի ցուցատախտակին վրայ տեղադրուելիք անուանացանկին, ուր պիտի գտնէ իր անունը, թէ ե՛րբ պաշտօն մը պիտի ստանձնէ սուրբ խորանին վրայ: Անկասկած, տօնական օրերուն «աղուոր» պաշտօն մը ստանձնելը տարբեր համ ու խանդավառութիւն կը ստեղծէ դպրեվանեցիին համար: Իսկ խանդավառութեան դիմաց, որեւէ սխալ մը չընելու բծախնդրութիւնը կը պրկէ նոյնինքն այդ խանդավառութիւնը: Հապա՞ եթէ կորսնցնէ յաջորդ տօնին նման պաշտօն մը կատարելու առիթը իր սխալին պատճառով… Որեւէ եկեղեցւոյ, մանաւանդ` մայր տաճարին մէջ, սխալ մը արձանագրելը անընդունելի երեւոյթ մըն է: Վստահաբար տեսուչ հայր սուրբը եւ կամ տեսական անդամներէն մէկը պիտի անդրադառնայ եղած սխալին եւ յաջորդ առիթին համապատասխան բծախնդրութիւն պահանջէ դպրեվանեցիներէն:
Ս. խորանին վրայ կատարեալ ըլլալու պահանջին դիմաց, իրարու հետ բացայայտօրէն հաղորդակցիլը արգիլուած է: Այս կացութենէն մղուած` դպրեվանեցիները սուրբ խորանին վրայ հաղորդակցելու նոր կերպ մը կ՛որդեգրեն, որուն միջոցով գլուխի կամ աչքի նուազագոյն շարժումով խորանի ծառայակիցը կը հասկնայ, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ, եթէ այդ պահուն տարուելով` մոռցած է ընելիքը, եւ կամ աննախատասելի դէպք մը պատահած է: Այդ հաղորդակցութեան ձեւը ժողովուրդը, նոյնիսկ դասուն մէջ նստած հոգեւորականները պէտք չէ զգան: Այս մէկը մտածել կու տայ, թէ արդեօ՞ք հրեշտակներն ալ երկինքին մէջ Աստուծոյ դիմաց փառաբանութեան ընթացքին նման հաղորդակցութեան ձեւեր կ՛օգտագործեն…
Ս. խորանին վրայ փոքր դպրեվանեցին տարուէ տարի պիտի մեծնայ, պիտի ստանձնէ նոր կարգեր` կիսասարկաւագութեան, սարկաւագութեան եւ հաւանաբար` աբեղայութեան կամ քահանայութեան: Թէ ինչպէ՛ս օրերը արագ պիտի գլորին եւ ինքզինք տեսնէ այդ կարեւոր հանգրուանին, ուր Քրիստոս պիտի ներկայացնէ ժողովուրդին մէջ, անհաւատալի պիտի թուի իրեն: Սակայն դպրեվանքի առաքելութիւնն է դպրեվանեցիին մէջ ծառայութեան սերմը ցանելով` աճեցնել այն ծառը, որուն շուքին տակ, Աւետարանին բառերով, համախմբուին մեր երկնքի թռչունները` մեր ժողովուրդի զաւակները…
Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեան
«Ազդակ»