image

Հալէպի մէջ. Մայրերու տօնին նուիրուած նախաճաշ՝ Սրբոց Քառասնից Մանկանց տիկնանցի կազմակերպութեամբ

Հալէպի մէջ. Մայրերու տօնին նուիրուած նախաճաշ՝ Սրբոց Քառասնից Մանկանց տիկնանցի կազմակերպութեամբ

Օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, օրերս, Սրբոց Քառասնից մանկանց Մայր եկեղեցւոյ տիկնաց յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, մայրերու տօնին նուիրուած նախաճաշ տեղի ունեցած է։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ՝ լրատւութիւնը։

Օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Չորեքշաբթի, 19 Մարտ 2025-ի առաւօտուն, Սրբոց Քառասնից մանկանց Մայր եկեղեցւոյ տիկնաց յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, մայրերու տօնին նուիրուած նախաճաշ տեղի ունեցաւ, եկեղեցւոյ «Նիկոլ Աղբալեան» սրահէն ներս։ Ներկայ էին նաեւ Հոգշ. Տ. Մանուկ վրդ. Պարիխանեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, եկեղեցւոյ քահանայ հայրերը, թաղական խորհուրդը եւ ժողովուրդի զաւակները։

Բացման խօսք արտասանեց Տիկնաց յանձնախումբի ատենապետուհի Թալին Պասմաճեան-Չաղլասեան, յայտնելով, որ այնպէս ինչպէս Գարնան եղանակը կեանք տուող եւ յոյս ու ուրախութիւն ներշնչող եղանակ է, նոյնպէս մայրը կեանքի օրերը պայծառացնող եւ ծաղիկներու նման գունագեղ դարձնող էակ է։

Ան անդրադարձաւ մօր դերակատարութեան, յատկապէս հայ մայրերուն, որոնք իրենց զաւակներուն համար դարձան եկեղեցի ու դպրոց։ Ան յայտնեց, թէ մօր գերագոյն տիպարը Աստուածամայրն է եւ հրաւիրեց մայրերը հետեւելու անոր օրինակին։

Սրբազան Հօր աղօթքով սեղանի օրհնութիւն կատարուեցաւ։

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Լալա Հայրապետեան եւ երէցկին Քարէն Չիլինկիրեան-Չափանեան, որոնք փունջ մը երգերով խանդավառեցին ներկաները։ Սեւան Ուրֆալեան Մեծ Պահքի աւանդութիւնները ընթերցեց։ Վարդուկ Չաթալպաշեան ասմունքեց Աւետիք Իսահակեանի «Խեղճ Մայրը» բանաստեղծութիւնը։

Մարգարիտ Շամիլեան դասախօսեց մայր-զաւակ յարաբերութեան մասին, անդրադառնալով անցեալի մայրերուն եւ ներկայ մայրերուն դերակատարութեան ու զաւակներու դաստիարակութեան գործընթացին։

Այս առիթով, յուշանուէրներ բաժնուեցան ներկաներուն։

Սրբազան Հայրը, իր սրտի խօսքը փոխանցելով, անդրադարձաւ մօր նուիրումին, զոհողութեան եւ սիրոյն։ Ան յատկապէս անդրադարձաւ Ս. Աստուածածինի նուիրումին, եւ որպէս աղախին, Աստուծոյ հանդէպ անոր ունեցած հաւատարմութեան եւ հնազանդութեան։ 

Սրբազան Հայրը շնորհաւորելով բոլոր մայրերը, մեծարանքի արժանի նկատեց զանոնք։

Ան գնահատեց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին հովանիին ներքեւ գործող Տիկնաց յանձնախումբի անդամները եւ աստուածային օրհնութեամբ, բարեբեր օրեր մաղթեց անոնց։