Ատրպէյճանի ՊՆ հաղորդագրութիւնը, թէ իբր մարտ 31-ի ժամը 17։00-էն մինչեւ ապրիլ 1-ի ժամը 04։45-ն ինկած ժամանակահատուածին ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի արեւելեան եւ հարաւարեւելեան հատուածներուն մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան։
Այս մասին յայտնած են ՀՀ ՊՆ-էն։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմն առաջարկած է հրադադարի ռեժիմի խախտման դէպքերու եւ/կամ այդ մասին տեղեկութիւններու հետաքննութեան Հայաստան-Ատրպէյճան համատեղ մեխանիզմ ստեղծել, որուն մինչեւ օրս Ատրպէյճանը չէ արձագանգած։
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերահաստատած է, որ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի դիրքորոշման համապատասխան՝ պատրաստ է հետաքննելու Ատրպէյճանի ՊՆ հաղորդագրութիւնը հիմնաւորող փաստերը՝ ատոնք ՀՀ-ին փոխանցելու պարագային։