image

Նախագահութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք.ի ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ Շրջակայից երկիրներու Ազգային Երեսփոխանական լիակատար ժողով

Նախագահութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք.ի ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ Շրջակայից երկիրներու Ազգային Երեսփոխանական լիակատար ժողով

Օրերս Շարժայի մէջ տեղի ունեցած է  ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ Շրջակայից երկիրներու Ազգային Երեսփոխանական լիակատար ժողովը,  նախագահութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր եւ աշխարհիկ Ազգային երեսփոխաններու: Ժողովի ընթացքին ընթերցուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ուղղած պատգամը երեսփոխանական ժողովին, որ  գնահատած է թեմի գործունէութիւնը ինչպէս նաեւ պարտն ու պատշաճ թելադրութիւնները փոխանցած: ներկայացուած է նաեւ Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու տեղեկագրերը, որմէ ետք ժողովականները քննարկած եւ գնահատած են տարուած աշխատանքները։ ժողովի աւարտին տեղի ունեցած է  Ազգային վարչութեան ընտրութիւն:

Ստորեւ «Արեւելք» ի մեր ընթերցողներուն հետ կը կիսենք Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը:

 

Նախագահութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ․Տ․ Մեսրոպ Արք․ Սարգիսեանին, Շաբաթ 22 Մարտ 2025-ին Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ համալիրի Բիէր Քէօսէեան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ԺԳ լիակատար նիստերը։

Սրբազան Հայրը, աղօթքով բացումը կատարեց ժողովին, որմէ ետք Հոգշ. Տ. Վիգէն Վրդ. Տալքըլըճեանը ընթերցեց, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ուղղած պատգամը երեսփոխանական ժողովին, որուն մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձած էր թեմի գործունէութեան յաջող ընթացքին, վերելքին ինչպէս նաեւ պարտն ու պատշաճ թելադրութիւնները փոխանցելով յառաջիկայ գործունէութեան տեսլականին ուղեգիծ տալով․ որմէ ետք Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդէս եկաւ իր պատգամով, անդրադարձած էր անցնող մէկ տարուայ գործունէութեան, գնահատելով Ազգային Վարչութեան աշխատանքը, ապա շեշտելով դիմագրաուած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները։ Ապա խօսք առաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-Ատենապետ Պրն. Գրիգոր Մահսերեճեան, որ յատուկ հրաւէրով իր մասնակցութիւնը կը բերէ ժողովին, որմէ ետք Ազգային Երեսփոխանական ժողովի Ատենապետ՝ Պրն. Վարուժան Ներկիզեան խօսք առնելով ողջունեց

երեսփոխանները ու վարչականները ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ թեմի ընդհանուր վիճակին։ Օրակարգը սկիզբ առաւ, դիւանի վերատեսութեամբ, Հոգշ. Վիգէն Վրդ. Տալգըլըճեան եւ Արժ. Տ. Արամ Աւագ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան ընտրուեցան որպէս առաջին եւ երկրորդ Ատենադպիրներ Երեսփոխանական ժողովին։ Այս առիթով Սրբազան Հայրը յանուն Ազգային Երեսփոխանական ժողովի բարի գալուստ եւ յաջող առաքելութիւն մաղթեց Ապու Տապիի նորանշանակ հոգեւոր հովիւին։

Հերթաբար ներկայացուեցան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու տեղեկագրերը, որմէ ետք ժողովականները քննարկեցին եւ գնահատեցին տարուած աշխատանքները տեղեկագրին լոյսին տակ։

Ժողովի ընթացքին կատարուեցան քննարկումներ նիւթական կացութեան, թեմի վերաբերեալ հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն շուրջ։

Այս առիթով ժողովականներուն կողմէ կատարուեցան որոշ առաջարկներ որպէսզի յաջորդ վարչութիւնը նկատի ունենայ իր գործունէութեան մէջ։

Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ Ազգային Վարչութեան անդամներուն ընտրութիւնը հետեւեալ պատկերով․-

1. Միրէյ Աղազարեան

2. Յակոբ Արսլանեան

3. Բժշ. Հրաչ Բարսէղեան

4. Շանթ Գորուգեան

5. Քրիսթինէ Թօսունեան

6. Դալար Թօփալեան

7. Ատիս Մուրատեան

8. Բագրատ Պալապանեան

9. Բժշ. Ցոլակ Պասմաճեան

10. Ալէքս Պուարի

11. Բիէր Քէօսէեան

Իսկ փոխ անդամներ՝

1. Համլէթ Ծատուրեան

2. Ալէքս Ներկիզեան

3. Ռազմիկ Սաղպազարեան

Սրբազան Հայրը գնահատելով Երեսփոխանական ժողովի դերակատարութիւնը թեմի կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտ Ազգային Վարչութեան տարած աշխատանքը իր օրհնութեամբ փակեց ժողովը։

Դիւան Ազգային Առաջնորդարան