Միասնաբար փրկենք հայերէնը(1)
1. Ճանչնանք միջնադարու միւս մեծ սիրերգակը, որ է Յովհաննէս Թլկուրանցի... կաթողիկոսը, որ Սիսի աթոռին բազմեցաւ 1479-1525:
Սէրն կու տանի զամօթն երեսէն, Սէրը կը վանէ ամօթը երեսէն՝
Յաբեղայէն եւ ի վարդապետէն. Աբեղային թէ վարդապետին.
Երէց, սարկաւագ կու ձգէ ի կարգէն, Երէց, սարկաւագ կը հանէ կարգէն,
Տանի զխելքն ի գլխուն, զամօթն երեսէն: Խելքը՝ գլուխէն, ամօթն ալ՝ երեսէն:
Ով որ մեղաց ճաշակն առնու, Ան որ մեղքի համը առնէ,
Այլ աստուծոյ չի տար խաբար: Ուրիշ աստուած չի դաւանիր:
Չքմեղանալու համար չի վարանիր ամբաստանելու միաբանակիցները...
2. Թրամփ եւ... հայերէնը
Կորովաբիբ լրագրող մը, — անշուշտ զտարիւն արեւմտահայ,— հետեւեալ խօսքը կը դնէ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահին բերանը.
--«Կը կարծեմ, որ պիտի խօսիմ Փութինի հետ, եւ Նեթանիահուի հետ զրոյցս շատ լաւ էր» («Ազդակ», 9/11/2024):
Իմ համարումս Թրամփի հանդէպ ստուգապէս կը նոյնանայ ձերինին հետ, զայն բացայայտելու կարիք ալ չկայ, միւս կողմէ՝ այս եւս գիտենք, որ մինչեւ հիմա ոչ ոք խնդրոյ առարկայ դարձուցած է անոր լեզուական որակը. հետեւաբար ինքս ալ կը կարծեմ, թէ բերուած նախադասութիւնը բառացի Թրամփի արտայայտու-թիւնը չէ. ան հայ լրագրողին աղաւաղ ու յերիւրածոյ շարադրութիւնն է, այն հայ լրագրողին, որ չի ճանչնար եւ շաղկապի լեզուական արժէքը:
Չունի՛ անոր մշակոյթը, եւ անոր ակա՛նջն ալ թերի է:
Վերստի՛ն կարդացէք օրինակը, հանդարտ ու կեդրոնացած կարդացէք, մանաւանդ փորձեցէք ներքին ականջով մը հետեւիլ ձեր ընթերցանութեան, եւ պիտի անդրադառնաք, թէ կաղ բան մը կայ. այդ եւ-ը խորթ կը հնչէ: Ֆրանսացիք fausse note “կեղծ խազ” կը կոչեն այսպիսիները, որոնց գոյութեան մի՛այն ներքին ականջով կ’անդրադառնանք, եւ այսպէս կը գրէ ա՛ն, որ զրկուած է այդ ներքին բնատուր ականջէն, չհաշուած լեզուական այն տարրական գիտելիքը, որով ենթադրուած է օժտուած ըլլալ ամէն լրագրող եւ որմէ, սակայն, նմանապէս զրկուած է ան:
* * *
Եւ-ը հայերէնի համադասական շաղկապներու «միաւորիչ» տարբերակն է. ան կը ծառայէ միաւորելու նախադասութեան բառերը, այնպիսի բառեր... որոնք ինչ-որ ներքին ներդաշնակութիւն մը ունին, ներքին տրամաբանութեամբ մը կապուած են իրարու, զիրար կը թելադրեն. օրինակ՝ «Ան հաց եւ պանիր կ’ուտէ». այստեղ շաղկապուող բառերը հացն ու պանիրն են, որոնք զիրար կը թելադրեն զանազան առումներով.
--անոնք միաժամանակ ուտուող համեստագոյն պաշարն են,
--կը յատկանշուին իրենց պարզութեամբ ու հասանելիութեամբ,
--անոնք կը պատկանին խօսքի նոյն մասին՝ երկուքն ալ առարկայանիշ
բառեր ՝ գոյականներ են, լեզուական նո՛յն պաշտօնը կը կատարեն՝ երկուքն ալ «կ’ուտէ» բային ուղիղ խնդիրներն են:
Այս եւ նման յատկութիւններու գումարը կը թելադրէ եւ-ը՝ բառերու մակարդակին:
Ան կը շաղկապէ նախադասութիւններ եւս:
* * *
Ահա օրինակ մը.
--Ճամբորդը ուրախ մօտեցաւ աղբիւրին եւ երկար խմեց անոր պաղ ջուրէն:
Ուրեմն այս ամբողջութիւնը կը կազմէ համադասական մէ՛կ բարդ նախադասութիւն, որ կազմուած է երկու բաղադրիչ պարզ նախադասութիւններէ, որոնք շաղկապուած են եւ համադասական շաղկապով:
Այդ բաղադրիչները իրարմէ անկախ են այն առումով, որ մէկը միւսին հետ քերականական առնչութիւն կամ կախեալութիւն չունի, ինչպէս կ’ունենան բարդ ստորադասական նախադասութեան բաղադրիչները. օրինակ՝
--Բոլորս ալ կ’ակնկալենք, որ յաջողիս քննութեան:
Այստեղ ունինք գլխաւոր նախադասութիւն մը՝ բոլորս ալ կ’ակնկալենք:
Եւ ունինք ստորադաս նախադասութիւն մը՝ որ յաջողիս քննութեան:
Այս երկրորդը կը ծառայէ լրացնելու գլխաւորը:
- Ի՞նչ կ’ակնկալենք:
- Որ դուն յաջողիս:
Այս երկրորդը ուղիղ խնդիրն է գլխաւորին:
Առանց այս երկրորդին՝ մենք պիտի չգիտնայինք, թէ ի՛նչ կ’ակնկալենք:
Մեր տուած համադասական բարդ նախադասութեան բաղադրիչներուն միջեւ քերականական նման կապ չկայ: Այսուհանդերձ անոնք՝ այդ երկու համադաս նախադասութիւնները անկապակից, այսպէս օդին մէջ նետուած միտքեր չեն. անոնց միջեւ կայ տրամաբանական ներքին զօրաւոր կապ մը.
--Ասոնց երկրորդը՝ երկար խմեց անոր պաղ ջուրէն, ցոյց կու տայ, թէ ինչո՞ւ ճամբորդը մօտեցաւ աղբիւրին. ան ծարաւ էր, ուստի հաճոյքով խմեց անոր ջուրը:
Եւ ճիշդ այս ներքին կապին թարգմանիչն է եւ շաղկապը:
Արդ, նման որեեւէ ներքին տրամաբանական կապ գոյութիւն չունի քննած օրինակի բաղադրիչներուն միջեւ, այսինքն՝ Թրամփի՝ Փութինին հետ խօսելու ցանկութիւնը եւ Նեթանիահուին հետ լաւ զրոյց մը ունեցած ըլլալը որեւէ իմաստային կապ չունին իրար հետ, եւ ճիշդ այս պատճառով ալ եւ շաղկապը կեղծ ու անտեղի կը հնչէ:
Կեղծ ու անտեղի կիրարկութեան այլ օրինակներ՝
--Ալիեւ շարունակ կը զինուի, եւ Էրտողանի հետ որեւէ համաձայնութեան չկրցանք հասնիլ:
--Արարատի ձիւները այսօր կը պսպղան, եւ Ազգային ժողովը տակաւին ոչ մէկ եզրակացութեան յանգեցաւ:
--Որոշած եմ մանկավարժական ճիւղը ընտրել, եւ մսավաճառը այսօր ոչխար մը մորթեց:
Մեր քննարկած օրինակը նոյնքան անհեթեթ է, որքան այս վերջին երեքը, որոնց բաղադրիչ նախադասութիւնները ոչ մէկ կապ ունին իրար հետ:
Մրցոյթ 197.
***Հետեւեալէն ո՞ր բառերը իբրեւ աւելորդ կը ջնջես.
---Դեսպանները յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին իրար միջեւ խորհրդակցական հանդիպում մը պիտի ունենան:
***Դուն ինչպ է՞ս կը շարադրէիր հետեւեալը.
---Հըզպալլա Այնաթայի մերձակայքըին մէջ բուռն բախումներ ունեցաւ իսրայէլեան ուժերուն դէմ` պատճառելով զոհեր ու վիրաւորներ:
***Հետեւեալին ո՞ր բառը կը փոխարինես ինչով.
---Անհամբեր էին գիտնալու, եթէ ես ալ պիտի մասնակցէի(՞) խաղին:
***Գտի՛ր ու սրբագրէ՛ հետեւեալներուն քերականական սխալները:
---Մինչեւ այս պահը կը հաշուեն աւելի քան ութսուն հազար զոհ, որոնց աւելի քան քառորդը՝ մանուկներ:
---Նախարարը իր պաշտօնակիցներուն հետ սերտեցին կրթական բարեփոխութեան նորագոյն առաջարկները:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (10), Գեղամ Խաչատրեան (7), Համբարձում Յարթունեան (6), Եփրեմ Թոքճեան (7), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (9):
Մրցոյթ 1.
*** Վերականգնէ՛ հետեւեալներուն շարադասութիւնը.
---Դուրսը` ոչ միայն իբրեւ փորձագէտ-տնտեսագէտ, այլ նաեւ իբրեւ գրող կ’ողջունէին Վահանին ներկաներէն շատեր:
---Հոքշթայն Լիբանան այցելեթէ ետք չորեքշաբթի օր Իսրայէլ պիտի այցելէ:
***Ջնջէ՛ հետեւեալին կրկնաբանութիւնը.
---Իսրայէլեան ուժերը հրկիզող ռումբեր ով -հռմբակոծում կատարած են:
***Դուն ի՞նչ կը փոխէիր հետեւեալին մէջ.
---Միացեալ Նահանգներ արտօնած են Ուքրանիոյ Ռուսիոյ խորքին վրայ յարձակիլ:
***Այցելութի՞ւն , թէ՞ այցելութիւններ:
---Պատուիրակները արարողակարգային . . . . . . . . տուին նախագահին, վարչապետին ու սպարապետին:
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան