image

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (44)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (44)
  1. Փղականջ

Կը կոչուի նաեւ՝ խլաթ, դոնդ

Լատիներէն անուանումն է Begonia:

Այս նոյն անունով կը կոչեն զայն ֆրանսերէնը, անգլերէնը, ռուսերէնը եւ շատ ուրիշ լեզուներ:

  Ծանօթ է փղականջի աւեի քան 2000 տեսակ: Կ’աճի մասնաւորաբար արեւադար-ձային  տարածքներու  խոնաւ հողին մէջ:IMG_256IMG_256IMG_256

Միւս կողմէ՝ ջերմոցային պայմաններու օգտագործումով կարելի կ’ըլլայ զայն աճեցնել  աւելի զով կլիմաներու մէջ եւս:

Անոր թուփերը կը հասնին 13 մ բարձրութեան:

 

  1. Արեւելահայ լեզուական բարքեր

Հետեւեալ լուրը կը քաղեմ հայրենի հերթական լրատւութենէ:

***Ալկոհոլի ազդեցութեամբ բենզին է լցրել կնոջ  և  դստեր վրայ և հրկիզել. կինն ուղղարկվել է հիւանդանոց («Առաջին լրատուական»):

Անկախ հաղորդուած զազրելի միջադէպէն, որ շատ բան կ’ըսէ արեւելահայ

բարքերու մասին, հաղորդումը կը յատկանշուի ուղղագրական սխալներով եւս:

--ուղղարկվել

Կը նշանակէ  «ի ուղի արկանել», ճամբու դնել, ճամբել, այլ խօսքով՝ ուղարկել՝ միայն մէկ ղ-ով, կրաւորականը՝ ուղարկուիլ:

Այս եւ նման սխալներ կը վխտան արեւելահայ գրաւոր խօսքի մէջ, որոնց հեղինակները ենթադրուած են  շատ լաւ սերտած ըլլալ Հայոց լեզուն եւ անոր   ուղղագրութիւնը՝ ընդհուպ մինչեւ համալսարանական  մակարդակով:

Ասկէ բացի.  քանի մը տարի առաջ պետական որոշում տրուեցաւ, որ եւ շաղկապը  անջատ գրուի եւ յարգուի անոր երկտառ հանգամանքը:

Բայց ահա շատ լայնօրէն արհամարհուած է այս կանոնը, եւ քիչ մը ամէն մակարդակի վրայ կը շարունակուի միացեալ և գրութիւնը:

Միացած՝և կը գրէ ոչ աւելի, ոչ պակաս՝  «Գրական թերթ»-ն ալ, որ Գրողներու միութեան պաշտօնաթերթն է: Եւ ահա ոչ խմբագրութիւնը կը միջամտէ, ո՛չ միութիւնը, ո՛չ ալ... պետութիւնը: 

Ասոնք եւ նմանները տեսնելով՝ իրաւամբ հարց կու  տանք, թէ հայերէնը 

գոյութիւնը որքա՞ն երաշխաւորուած է... Հայաստանի մէջ:  

  1. Այլոք...

Այս այլանդակ բառը ազատ շրջանառութեան մէջ է  ի Հայաստան քիչ մը բոլոր մակարդակներու վրայ` առանց խնայելու սփիւռքին. օրինակ՝

Հայաստանաի դատարանը  իր վճիռները կը մակագրէ սա՛պէս՝ 

***Խաչատրեանը եւ այլոք ընդդէմ Հայաստանի» (27/11/2012):

***«Զալեանը եւ այլոք ընդդէմ  Հայաստանի» (17/3/2016):

Այլուր կը կարդանք.

***«Իզուր չէ, որ պահլաւագիտությունը դեռ ԺԹ դարից այդքան ուշադրության է արժանացել մի շարք հայազգի հայագէտների եւ իրանագէտների կողմից, ինչպիսիք էին Ղ. Ալիշանը, Հր. Աճառեանը, Հ. Թիրաքյանը, Ռ. Աբրահամեանը   եւ   այլոք »

Օրինակս քաղած եմ «Պահլաւական ուսումնասիրութիւններ» անուն նեղ մասնագիտական աշխատութեան մը նախաբանէն, որ տպուած է Երեւան, 2018-ին. հեղինակութեամբ Ռուբէն Նիկողոսեանի:

Նաեւ՝

***Վարչապետը եւ այլոք մասնակցել են հիւրասիրութեան: 

Նոյնին հանդիպեցայ օրերս  «Յուսաբեր»-ի 17/9/2025-ի թիւին մէջ, էջ 2, բ. սիւնակ, ստորագրութեամբ  Վահէ Յովհաննիսեանի, որ քաղաքական մեծամիտ  մեկնաբան է: 

***«2018-2019-ին նոյն մարդիկ Նիկոլը, Արմէն Գրիգորեանը եւ այլոք արել են լրիւ հակառակը»:

*   *   *

Արտակ Վարդանեան իր մէկ յօդուածը խորագրած է.

***«Այդ չարաբաստիկ  “այլոք”-ը»:

Լեզուի կոմիտէն իր  կարգին իր մէկ հաղորդագրութեան մէջ կը գրէ.

***«Խնդիրն այն է, որ անչափ շատ է տարածուած այլոք սխալ բառաձեւը։ Հայերէնն այսպիսի բառաձեւ չի ունեցել եւ չունի»  (22/8/220):

Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ այլոք-ը շարունակած է գոյատեւել՝ ցուցաբերելով արտասովոր եւ անբացատրելի կենսունակութիւն մը:

*   *   *

  Հետաքրքրականը այն է, որ այլոք-ը  այս բոլոր կիրարկութեանց մէջ  կ’ընկալուի   իբրեւ ուղղական հոլով, որ կը նշանակէ բառարանային կազմով. իսկ հայերէնի մօտ 150 բառարաններէն բացարձակապէս ոչ մէկը ունի այլոք բառաձեւ մը, չունի, որովհետեւ  գոյութիւն չունի ան:

Ոչ մէկ կիրարկող անդրադարձած է այս տարրական իրողութեան:

Բառիս արմատն է այլ, յոգնակին այլք:

Ասոնց հոլովական յարացոյցերը յաջորդաբար կու տան՝ 

--այլ,   զայլ,    այլոյ,  այլում, յայլմէ,  այլով,

--այլք, զայլս,  այլոց, այլոց,   յայլոց, այլովք:

Մրցոյթ 43.

***Սրբագրէ՛ հետեւեալին քերականական սխալները.

---Ռուսական բանակը չի հարուածեր քաղաքային թիրախներու եւ կամ խաղաղ բնակչութիւնըեան («Ազդակ», 18/9/2025, էջ 8): 

***Ինչպէ՞ս կը վերաշարադրես ընդգծուած մասը՝ առանց մօտ-ի:

---Կարգ մը լիբանանցիներու մօտ պատրաստակամութիւն կայ Կարգ մը լիբանանցիներ պատրաստակամ են  հարցերը դէպի բախում մղելու («Ազդակ», 19/9/2025, էջ 2):

***Ինչպէ՞ս կը խուսափիս կրկնաբանութենէ:

---Անոնք պիտի քննարկեն անվտանգութեան նոր համաձայնութեան մը իսրայէլեան  մէկ առաջարկը մը («Ազդակ», 19/9/2025, էջ 8):

***Լեզուական հետեւեալ  գոհարը կը բովանդակէ  անհամասեռութիւն մը եւ քերականական երկու սխալ. փորձէ՛ գտնել ու սրբագրել զանոնք.

---ՖԻՆԻՒԼ-ը կոչ ուղղեց դադրեցնելու որեւէ յաւելեալ օդային յարձակումի -ներ շղթայազերծումը ելը եւ յարգելու լիբանանեան հողերէն ամբողջովին հեռացումը («Ազդակ», 20/9/2025, էջ 6):

***Հետեւաեալին մէջ բառ մը փոփոխութեան կը կարօտի.

---Երկրագունդի գործուն հրաբուխները յաճախ մարդկային մեծաթիւ զոհերու առիթ   պատճառ  կը հանդիսանան (Մամուլ):

Ճիշդ պատասխանած են՝ Ցոլակ Ապտալեան (7), Գէորգ Եազըճեան (8) Համբարձում Յարթունեան (7,5), Պերճ Տէր Սահակեան (9), Եփրեմ Թոքճեան (10), Միրնա Սիւլիւքճեան (7):

Մրցոյթ 44.

***Դուն ինչպէ՞ս պիտի գրէիր հետեւեալը.

---Ինտրան մնաց հայ գրականութեան առանձնայատուկ ու  բացառիկ ձայն մը («Արարատ», 11/9/2025):

***Վերաշարադասէ հետեւեալը.

---Ան բոլոր կողմերուն կոչ կ’ուղղէ՝ ապահովական հետագայ սրումէն խու-սափելու համար: 

***Ո՞ր  դերանուն կը դնես կէտերուն տեղը՝  իր   թէ՞ անոր:

---Կը գնահատենք լիբանանեան կառավարութեան պետութեան գերիշխա-նութիւնը տարածելու եւ զէնքը .......... մենաշնորհը դարձնելու ջանքերը («Ազդակ», 29/9/2025, էջ 1):

***Դուն ինչպէ՞ս կը գրէիէր հետեւեալ նախադասութիւնը.

---Որևէ գործնական նախաձեռնութիւններ մէջտեղ չէր բերած երեսուն տա-րուայ ընթացքին («Զարթօնք», 2/9/2025, էջ 20):

***Հետեւեալին բառային եւ շարադասական ի՞նչ բարեփոխում կը բերես:

---Վարչապետը իր սուր կեցուածքներով հաւաքին աւելի մեծ խթան տուաւ («Ազդակ», 29/9/2025, էջ 2): 



Արմենակ Եղիայեան 
armenag@gmail.com