image

Միացեալ Նահանգները ՀՀ-ի մէջ նոր դեսպան ունի

Միացեալ Նահանգները ՀՀ-ի մէջ նոր դեսպան ունի

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Հայաստանի մէջ ԱՄՆ նոր դեսպանի պաշտօնին առաջարկած է Քրիսթինա Քուիենի թեկնածութիւնը: 

Քրիսթինա Քուիենը 2019 թուականէն մինչ օրս Ուքրանիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնակատարն է: 2016 թուականէն մինչեւ 2019 թուականի Ապրիլը ան զբաղեցուցած է Փարիզի մէջ ԱՄՆ-ի փոխդեսպանի պաշտօնակատարի, դեսպանատան տնտեսական հարցերով խորհրդականի պաշտօնները:

Դիւանագիտական ծառայութեան ընթացքին տարբեր պաշտօններ զբաղեցուցած է Թայլանտի, Բրիտանիոյ, Եւրոմիութեան, Ռուսիան, Ֆիլիփիններու մէջ ԱՄՆ դիւանագիտական առաքելութիւններուն մէջ: Քուիենը եղած է նաեւ ԱՄՆ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ԵՄ, Ուքրանիոյ եւ Պելառուսիով հարցերով տնօրէն: