image

Միացեալ Նահանգներ նուազեցու Հայաստանին յատակցուելիք օժանդակութեան գումարը. ANCA

Միացեալ Նահանգներ նուազեցու Հայաստանին  յատակցուելիք օժանդակութեան գումարը. ANCA

ԱՄՆ-ն կը նուազեցնէ Հայաստանին տրամադրուող օգնութիւնը եւ չի տրամադրեր զայն Արցախին: Այս մասին կը յայտնէէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

Կը նախատեսուի Հայաստանին յատկացնել ընդամէնը 24 միլիոն տոլար: Այդ 21 միլիոն տոլարով աւելի քիչ է, քան այն գումարը, որ մի քանի շաբաթ առաջ 2022 ֆինանսական տարուայ համար տրամադրած էր Գոնկրէսը ու հաւանութիւն տուած էր նախագահը:

«Մենք հիասթափուած ենք, որ նախագահ Պայտընի տարեկան պիւտճէն, որ հրապարակուած է կառավարական հաշուետուութենէն յետոյ, որուն մէջ նշուած է Ատրպէյճանին աւելի քան 164 միլիոն տոլար ռազմական օգնութիւն յատկացնելու մասին, կը հաւասարակշռէ Հայաստանի աջակցութիւնը 24 միլիոն տոլարէն քիչ մը աւելի ու չի ներառեր որեւէ յստակ գումար Արցախին օգնելու համար», նշած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը:

Համբարեան յաւելած է, որ կ'ակնկալեն, որ Գոնկրէսին մէջ իրենց գործընկերները եւ համայնքային աքթիւիսթները աշխատին խնդիրին ուղղղութեամբ, որպէսզի ԱՄՆ-էն օգնութիւն յատկացուի թէ՛ Արցախին, թէ՛ Հայաստանին:

Նշենք, որ Պայտընի 2023 թուականի պիւտճէն կը ներառէ 23,405,000 տոլար արտաքին օգնութիւն եւ 600,000 տոլար ռազմական օգնութիւն Հայաստանին: