image
Հրատապ լուրեր:

Մհեր Գրիգորեանէն՝ Շահին Մուստաֆայեւին առաջարկ

Մհեր Գրիգորեանէն՝ Շահին Մուստաֆայեւին առաջարկ

ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուստաֆաեւին՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովներու հանդիպում կայացնելու առաջարկ ուղարկած է:

Այս մասին տեղեկացուցած են փոխվարչապետ Գրիգորեանի գրասենեակէն:

Առաջարկի նպատակն է, մասնաւորապէս, քննարկել ընթացիկ խնդրայարոյց հարցերը, որոնք հայ-ատրպէյճանական սահմանին կ'առաջացնեն լարուածութիւն: