image

Մեծն Բրիտանիան պիտի աջակցի Արցախէն տեղահանուածներուն

Մեծն Բրիտանիան պիտի աջակցի Արցախէն  տեղահանուածներուն

Միացեալ Թագաւորութիւնը 1 միլիոն ֆունտ ստերլինկ պիտի տրամադրէ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին՝( ԿԽՄԿ)  ի աջակցութիւն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակի մարդասիրական արձագանգին։

«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին տեղեկացուցած է Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութիւնը:

Յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ ֆինանսաւորումը նախատեսուած է անհրաժեշտ դեղորայքի, բժշկական ծառայութիւններու եւ այլ էական աջակցութիւն տրամադրելու համար Լեռնային Ղարաբաղի եւ տարածաշրջանի մէջ խոցելի անձերու:

1 միլիոն ֆունտ ստերլինկ ֆինանսաւորումը կ'աջակցի ԿԽՄԿ-ին, որ կ'աշխատի վիրաւորները տեղափոխելու եւ տեղահանուած ընտանիքները կապի մէջ պահելու համար:

Միացեալ Թագաւորութեան՝ Եւրոպայի հարցերով նախարար Լէօ Տոխերթի ըսած է, որ ֆինանսական այս փաթեթը կ'օգնէ պաշտպանելու ընտանիքները եւ կարեւոր օգնութիւն կ'ըլլայ խոցելի մարդոց համար: