image

Մեծ Պահքի հասցէն եւ ուղին. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Մեծ Պահքի հասցէն եւ ուղին. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

 Մեծ Պահքը Աստուծոյ հետ հաշտուելու պատրաստութիւնն է։ Ժամանակաշրջան մը, որ կ`ենթադրէ գիտակցութիւն թէ` "մեղքին վարձատրութիւնը մահ է"(Հռ 6.23), գիտակցութիւն` թէ մեղքը հետեւանքներէն է Աստուծոյ ներկայութենէն հեռանալ։  Մեր ապրած ողբերգութեան գլխաւոր պատճառներն է մեղքը, որ կը խանգարէ մեր հաւատքի երթը, կը պղտորէ մեր հոգեւոր տեսողութիւնը, կը կարծրացնէ սիրտը եւ ի վերջոյ մեզ անտարբերութեան ափսոսալի մակարդակին կը հասցնէ։

 

 

Մեծ Պահքը ոչ միայն մսամթերքէն, կաթնամթերքէն եւ կենդանական պարունակութիւն ունեցող ուտելիքներէն հրաժարելու շրջան է, այլ` առիթ է բարիք սերմանելու, մեղքէն հեռանալու, խոր ապաշխարութեամբ Տիրոջ մօտենալու, զգայարանքները կրթելու, մաքուր խղճմտանքով ապրելու, խորազգաց զղջումով մեղքերը խոստովանելու, կիրքը զսպելու, լեզուն սանձելու, հոգեւորապէս դաստիարակուելու, հաւատքով աճելու, առաքինութեամբ զարդարուելու, ջերմեռանդութեամբ աղօթելու, Աւետարանի սկզբունքներուն հիմամբ ապրելու, շնորհքին ներգործութեամբ Քրիստոսի դառնալու, արդարութեան ձգտելու, ողորմութիւն ցուցաբերելու, բարոյական արժէքներով հարստանալու, Տիրոջ պատուական խոստումները մտաբերելու, աշխարհիկ խաբկանքներէն հեռանալու, հոգեմաշ ցանկութիւններէն խուսափելու, աստուածահաճոյ վարքով քրիստոնէական կոչումը արժեւորելու, խաչի խորհուրդը զոհողութեամբ մեկնաբանելու, դրախտային երանութիւնը փափաքելու, եկեղեցւոյ արարողութեան ճամբով հոգեւոր սնունդ ստանալու, հաւատքի հայերուն Հոգեշահ յորդորներով պայծառանալու, յաւիտենական կեանք առաջնորդող ուղիէն ընթանալու, պատուիրանապահ ընթացքով Աստուծոյ նկատմամբ որդիական կապուածութիւն արտայայտելու, հպարտանալու փոխարէն Տիրոջ փառքին գովը հիւսելու, անօրէնութեան հետեւանքները նկատելով խորատխուր զգացումով "Մեղա՜յ քեզ Տէր" ըսելու, մեր ազատութիւնը կաշկանդող մոլութիւններուն հրապոյրները դիմադրելու, մեղանչելու "ախորժակ"էն զգուշանալու, մահացու մեղքերուն ծանրութիւնը թօթափելու, հոգեւոր ճշմարտութիւններուն ուշադրութիւն դարձնելու, մարգարէական  ուսուցումներով առաջնորդուելու, Քրիստոսի օրինակին հետեւելու, Սուրբ Հոգիին պտուղներով ծառայելու, հոգեւոր արթնութեանբ, ուխտապահութեամբ  եւ իսկական բարեպաշտութեամբ Աստուծոյ հետ հաշտութեան քաղցր հրաւէրը ընդունելու։

Պահքը սերտ առնչութիւն ունի ապաշխարութեան հետ։ Նինուէացիները ծոմապահութիւն քարոզեցին, Աստուծոյ աղաղակեցին եւ գործնապէս իրենց զղջումը արտայայտեցին," Ուստի Աստուած գթաց ու այն չարիքը, որ անոնց վրայ պիտի բերէր, չբերաւ"։(Յովնան 3.10)

Պահքէն անբաժան է ողորմութիւնը։ Յիսուս Քրիստոս Լերան քարոզին մէջ դիտել տուաւ ողորմութեան կարեւորութիւնը։(Մտ 6) Մեր եկեղեցւոյ սուրբերէն Յովհան Մանդակունի խօսելով  պահեցողութեան մասին կ`ըսէ."Պահոց շրջանին ինչ որ ստամոքսէդ կը զրկես, աղքատներուն ձեռքը պէտք է դնես, որպէսզի քու անօթութեամբդ անօթի մը կշտանայ եւ մեղքերդ քաւուին"։

Պահոց օրերուն նաեւ զգուշանալու ենք լեզու մեղքերէն։ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան կ`ըսէ."Ամէն պահք պահող հիմնական երեք բան պէտք է կատարէ._Գէշ բան բնաւ պէտք չէ խօսի իր նմանին մասին։ Որեւէ  մէկը պէտք չէ թշնամի նկատէ։ Բնաւ երդում պէտք չէ ընէ"։

Ընդունելի պահեցողութեան մասին Տէրը այսպէս կ`ըսէ."Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս` անիրաւութեան կապերը քակելը, լուծին կապերը թուլցնելը, հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուլը, ամէն լուծ կտրելը, հացդ անօթիին բաժնելը, թափառական տնանկները տունդ ընդունիլը, մերկ մը հագուեցնելը ու մարմինդ անտեսելն է"։(Եսայի 58.6_7)

Պահքով կը վերյիշենք մեր հոգիին պահանջները, կը զգանք Աստուծոյ անմիջական ներկայութեան կարիքը, կը սպասենք Տիրոջ փրկարար զօրութեան  միջամտութիւնը։ Հետեւաբար պահեցողութեան շրջանին անօրէնութեան դառնութեան փոխարէն հարկ է Տիրոջ սիրոյն քաղցրութիւնը ճաշակել, որպէսզի մեր երկրաւոր կեանքի օրերուն մեղքին նկատմամբ ունենանք մերժողական կեցուածք, իսկ Աստուծոյ հնազանդութիւնը վերածուի սրտաբուխ մղումի, ըլլայ մեր նախասիրութիւններուն առաջնահերթը եւ խաղաղութիւն վերագտնելու միջոցը։

Պահքով մեր մարմինն ալ կը մասնակցի զԱստուած փառաւորելու պաշտամունքային կեանքին։ Առաքեալը` Պօղոս կը յորդորէ ըսելով."Այնպէս ապրեցէք` որ Աստուած փառաւորուի ձեր մարմիններով"։(Ա. Կր 6.20) դարձեալ առաքեալը կ`ըսէ."Այսուհետեւ մեղքը թող չթագաւորէ ձեր մահկանացու մարմիններուն մէջ, զանոնք իր ցանկութեանց հնազանդեցնելով"։(Հռ 6.12) Ուրեմն պահքը ճիգ մըն է, որուն ընդմէջէն հաւատացեալը չար ցանկութիւնները յաղթահարելու կը ձգտի։ Գիտական առումով ալ պահքը ընդունուած է որպէս առողջ եւ Հաւասարակշռուած կեանքի օրինաչափ։ Բայց մեղքէն մեր կապը խզելն է էականը, չարին կապանքներէն ազատ արձակուիլն է անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը։

 Մեծ Պահքը Աստուծոյ հետ հաշտուելու պատրաստութիւնն է։ Ժամանակաշրջան մը, որ կ`ենթադրէ գիտակցութիւն թէ` "մեղքին վարձատրութիւնը մահ է"(Հռ 6.23), գիտակցութիւն` թէ մեղքը հետեւանքներէն է Աստուծոյ ներկայութենէն հեռանալ։  Մեր ապրած ողբերգութեան գլխաւոր պատճառներն է մեղքը, որ կը խանգարէ մեր հաւատքի երթը, կը պղտորէ մեր հոգեւոր տեսողութիւնը, կը կարծրացնէ սիրտը եւ ի վերջոյ մեզ անտարբերութեան ափսոսալի մակարդակին կը հասցնէ։

Պահքը զօրեղ զէնք է հոգեւոր պայքարի, ազդու միջոց է հոգեւոր վերանորոգման, օրհնաբեր ուղի է շնորհքի ընկալման, բարենպաստ առիթ է վերականգնման, պատշաճ ձեւ է կամքի ամրացման, հոգեխօս աւանդ է բարեպաշտական եւ առ Աստուած դարձի հասցէն է աստուածաշնչական։

Մեծ Պահքը հոգեւոր ուխտագնացութիւն է դէպի Յարութեան Կիրակին։ Մեղքի ծովէն դէպի Խաղաղ նաւահանգիստ  Ճանապարհորդութիւն է։ "Սոդոմ Քոմոր"էն "Վերին Երուսաղէմ" երթալու հրաշալի հրաւէր է։ Մեղքի ստրկութեան փոխարէն Աստուծոյ որդեգրութեան շնորհքը վերստանալու սրբաշող ճանապարհ է։

Մեծ Պահոց օրերուն եկէք երկիւղած զգացումով, հեզ հոգիով, Քրիստոսի հետքերով, խոնարհ սրտով եւ ապաշխարելու նպատակով ապրինք, որպէսզի աստուածահաճոյ վիճակով արժանի ըլլանք փառաւորելու ամենասուրբ Երրորդութիւնը` Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին։ Ամէն։

Խորէն.Քհնյ.Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն  քհնյ. Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Ծնած է Հալէպ 1982ին։ Յաճախած է Ազգային Մեսրոպ...