Նշենք, որ Ֆրանսայի մէջ հիմնուած Անկախ Յանձնաժողովին կողմէ բացայայտուած թիւերը սարսափելի պատկեր մը կը պարզեն. 1950-էն մինչեւ 2020, տարբեր սեռային ոտնձգութիւններու ենթարկուած է ոչ-նուազ քան 216.000 անչափահաս, որոնց ճնշող մեծամասնութիւնը (80%) 10-13 տարեկան եղած է: Եւ եթէ այս թիւերուն աւելցնենք Եկեղեցւոյ շրջանակներուն մէջ աշխատող աշխարհականները, օրինակ՝ ուսուցիչներ, կաթոլիկ երիտասարդական շարժումներու ղեկավարներ եւ տնօրէններ, ապա անոնց թիւը կը հասնի 330.000 անչափահասի, ըստ յանձնաժողովի ղեկավար Ժան-Մարք Սովէի:
Արաբատառ «Շարք ալ Աուսաթ» պարբերականէն կը կարդանք ՝
1950-2020 թուականներուն անչափահասներու նկատմամբ կատարուած սեռային ոտնձգութիւններուն վերաբերեալ՝ Ֆրանսական կաթոլիկ եկեղեցին մեղադրող Անկախ Յանձնաժողովի պատրաստած զեկոյցը կայծակի նման ինկաւ եկեղեցական հաստատութեան եւ հաւատացեալներուն վրայ: Եկեղեցւոյ պաշտօնեաներուն կամ քաղաքայիններու մակարդակով արձագանգները եկան բացահայտելու անոնց «զարմանքը» եղածներուն սարսափելիութեան մասին, մանաւանդ որ այն տեղի կ'ունենայ մեծաւ մասամբ կաթոլիկ բնակչութեամբ երկրի մէջ։ Չմոռնանք նաեւ նշելու, որ տասնամեակներ շարունակ Ֆրանսան դիտարկուած է որպէս «Եկեղեցւոյ անդրանիկ դուստրը»: Այս առաջին դէպքը չէ, երբ կը բացայայտուին սեռային գայթակղութիւններ՝ կատարուած եկեղեցական հաստատութեան (նկատի ունին Ֆրանսայի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Խմբ. ՝ «Արեւելք») անդամներու կողմէ, ներառեալ քահանաները, վանականները եւ սարկաւագները կամ եկեղեցւոյ համար աշխատող աշխարհականները:
Նման գայթակղութիւններ տեղի ունեցած են նաեւ այլ երկիրներու մէջ՝ Եւրոպա, ԱՄՆ, թէ Լատինական Ամերիկայի մէջ, այնուամենայնիւ, հաշուի առնելով Ֆրանսայի պատմութիւնը եւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ խաղացած դերը կրթութեան, բժշկութեան, ընկերային խնամքի եւ երիտասարդութեան վերահսկողութեան առումներով, այս վտանգաւոր զեկոյցին հետեւանքները կրնան մղել ընտանիքները խուսափելու իրենց որդիներն ու դուստրերը կաթոլիկ թեքումով վարժարաններ ուղարկելու: Զեկոյցի հրապարակման առիթով Ֆրանչիսկոս պապին արձագանգը ցոյց տուաւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ պատուհասած խուճապին մակարդակը: Հռոմի պապը, որ կը ձգտի ընդհանրապէս կաթոլիկ եկեղեցին կտրել փտած ճիւղերէն եւ զայն զերծ պահել ֆինանսական եւ վարքային գայթակղութիւններէ, իր խոր տխրութիւնն ու ամօթանքը յայտնեց կատարուածին համար:
Ելոյթ ունենալով Վատիկանի հաւատացեալներուն առջեւ, ան իրավիճակը նկարագրեց որպէս «ողբերգութիւն», «ամօթի պահ» եւ «դաժան փորձ», եւ կոչ ըրաւ ֆրանսացի կաթոլիկներուն՝ «ստանձնելու իրենց պարտականութիւնները։
Պապին յորդորն էր ընել ամէն ինչ ապահովելու համար, որ Եկեղեցին դառնայ «անվտանգ տուն» բոլորին համար, Ֆրանսայի եկեղեցական իշխանութիւններէն պահանջելով «ամէն ջանք գործադրել, որպէսզի այս ողբերգութիւնը չկրկնուի»: