Արեւմտեան երկիրներու պահանջով Վրաստանի հնարաւոր միացումը Ռուսիոյ դէմ տնտեսական պատժամիջոցներուն կը վնասէ երկրի ազգային շահերուն, յայտարարած է վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի՝ ելոյթ ունենալով Քաթարի տնտեսական ֆորումին, գրած է ՌԻԱ Նովոսթի։
«Եթէ Վրաստանը միանայ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներուն, ուրեմն երկրի տնտեսութիւնը կը կործանի, այդ կը վնասէ ազգային ու ժողովուրդի շահերուն»,- ըսած է Վրաստանի վարչապետը։
Ան յիշեցուցած է, որ Վրաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ մէկ տարուան ընթացքին ապրանքաշրջանառութիւնը կազմած է մօտ մէկ միլիառ տոլար. ըստ Ղարիպաշվիլիին՝ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները Ռուսիոյ հետ առեւտուրի այդ ցուցանիշին կը հասնին ընդամէնը քանի մը օրուան ընթացքին:
Բացի այդ, կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ 2008 թուականին Վրաստանի հակամարտութենէն յետոյ արեւմտեան երկիրները տնտեսական յարաբերութիւնները պահպանած են Ռուսիոյ հետ եւ պատժամիջոցներ չեն կիրառած։