image

Մեր Նպատակն է Արեւմտահայերէնը Ապրող Մշակոյթ Դարձնել. Հրաչ Չիլինկիրեան

Մեր Նպատակն է Արեւմտահայերէնը Ապրող Մշակոյթ Դարձնել. Հրաչ Չիլինկիրեան

«Հաւաքի հիմնական նպատակն էր արեւմտահայերէնը  ոչ թէ միայն  իբր լեզու դասաւանդելու, կամ  անոր  ուսումնական տեսանկիւնի  հարցերուն   նայելու, այլ յատկապէս խօսելու եւ քննարկելու արեւմտահայերէնով մտածելու եւ ստեղծագործելու խնդիրներուն   մասին, այսինքն   կարճ ասաց,   քննարկելու արեւմտահայ մշակոյթ ստեղծելու եւ զարգացնելու խնդիրները»,-  «Արեւելք»ին ըսաւ  Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս  Դոկտ.  Հրաչ  Չիլինկիրեան:  Ան  ըսաւ, թէ իբր կազմակերպիչ  գոհ է   արեւմտահայերէնի խնդիրներուն նուիրուած  համաժողով-աշխատանոցէն, նշելով նաեւ,  որ  ժողովին մասնակցած են   տարբեր երկիրներէ  Օքսֆորտ ժամանած   30 մասնակիցներ, որոնք   բաժնուած եղած են 3  դասակարգերու: «Առաջինը՝ այսօրուայ մեր սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնով ստեղծագործող գրողներ: Երկրորդ դասակարգի մէջ էին թերթերու խմբագիրներ, եւ երրորդը՝ հրատարակիչներ եւ հրատարակչատուներու ներկայացուցիչներ»: Չիլինկիրեանի  ըսելով՝ այս երեք խումբերը  իրարու կապուած են եւ «չի բաւեր լեզուն օգտագործել, ստեղծել եւ զարգացնել, այլ պէտք ունինք մամուլին, որպէսզի տարածուի, զարգանայ լեզուն, եւ մանաւանդ   նորատիպ  ստեծագործութիւնները հրատարկուելէ  բացի  տեղ հասնին»:  Պատասխանելով  «Արեւելք»ի  հարցումին  այն մասին,  թէ սոյն հաւաքին կազմակերպիչ  մարմինը  ինչ ակնկալիքներ  ունէր  նման ժողովէ մը,   Չիլինկիրեան  յարեց.  «Հաւաքը գիտաժողով մը չէր, չնայած կարելի է նաեւ գիտաժողով կոչել զայն, բայց յատկապէս շեշտը դրուած է աշխատանոցի վրայ: Տեղի  ունեցածը  աշխատանոց մըն էր, որպէսզի այնտեղ ազատօրէն նիւթերը լայն ձեւով քննարկուին, վէճեր ըլլան իրարու հետ, գաղափարներու, առաջարկներու փոխանցում ըլլայ եւ այլն:  Մեր  հիմնական նպատակը այն է, որ փորձեցինք  մեր այս աշխատանոցի վերջաւորութեան  5-6 հիմնական խնդիրներ ճշդել, թէ այսօր, 21-րդ դարու սկիզբը արեւմտահայերէնի ներկային եւ ապագային հետ կապուած ի՞նչ հիմնական խնդիրներ ունինք, երկրորդ՝ ինչպիսի՞ միջոցներ, լուծումներ կան այդ խնդիրները դիմագրաւելու, այդ մարտահրաւէրները առնելու եւ գործի լծուելու: Անշուշտ այս բոլորը նախնական քայլեր  են  եւ  գիտենք,  որ խնդիրները բարդ են, բազմաթիւ են, լուծումները բարդ են:  Այս բոլորը  հսկայական միջոցներ կը պահանջեն»:   Դոկտ.  Չիլինկիրեան  նաեւ  նշեց. «Մեր նպատակն է այս քննարկումներուն արդիւնքը ներկայացնել սփիւռքի  եւ Հայաստանի տարբեր կազմակերպութիւններուն, տարբեր ղեկավարութիւններու եւ  ընդհանուր մեր հանրութեան, որպէսզի քննարկումները  շարունակուին  այդ   մասին  աւելի խօսուի  եւ       ընդհանուր լուծումները  դառնան  խթան՝  արեւմտահայերէն մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման համար»: Չիլինկիրեանի  կարծիքով բաւարար չէ    լեզուն  պահպանելը, այլ  ստեղծուած մշակոյթը  պէտք  է ապրող էութիւն  եւ իրականութիւն   դարձնել մեր առօրեայ կեանքին մէջ, աւելցնելով, որ «ոչ թէ պէտք է պահպանենք ինչ որ կատարուած է անցեալին  եւ փոխանցուած  է մեզի, այլ ամենակարեւորը՝ արեւմտահայերէնը եւ արեւմտահայ մշակոյթը մեր առօրեային մէջ պէտք է տեղ ունենայ, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն զարգացնել եւ տանիլ դէպի ապագայ»:

Չիլինկիրեան,    զրոյցի  աւարտին  դրական  շեշտադրումներ  կատարելով, ըսաւ. «Մենք եթէ այսօր, ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք,   կը շարունակենք  մեր երթը, ուրեմն յաղթական ենք, այն իմաստով որ կ'ապրինք, կը ստեղծագործենք, լաւ դիրքերու հասած ենք, լաւ պայմաններ ունինք  մեր համայնքային կեանքին մէջ, բայց պէտք է աւելի դրական մօտեցում ցուցաբերենք մեր առօրեայ հարցերուն նկատմամբ եւ  պէտք չէ յուսահատ ձեւով, կամ մութ ամպերու տակէն նայինք  խնդիրներուն , այլ աւելի առողջ, պայծառ եւ յուսալից  հայացքով նայինք դէպի ապագան»:

Նշենք, որ  անցնող   21-23  Յունուարին Օքսֆորտի մէջ տեղի ունեցած  աշխատանոցը կազամկերպուած էր  համալսարանի հայագիտական բաժնի պատասխանատու  ՝  հայագէտ ՝ Դոկտ. Թէօ Վան Լինտթի,  համալսարանի դասախօս Դոկտ. Հրաչ  Չիլինկիրեանի  եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամ»ի  հայկական   բաժանմունքի պատասխանատու Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի  համատեղ ճիգերով: