image

«Մեր միջուկային դիրքերը պիտի չփոխուին». ՆԱԹՕ

«Մեր միջուկային դիրքերը պիտի չփոխուին». ՆԱԹՕ

ՆԱԹՕ-ն չի ծրագրեր փոխել իր միջուկային դիրքերը; Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոստի»-ին, այս մասին յայտարարած է դաշինքի գլխաւոր քարտուղար՝ Ենս Սթոլթենպերկ։

Աւելի վաղ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին յայտարարած էր, որ Ռուսիան երբեք ոչինչ ըսած է միջուկային զէնքի կիրառման մասին, իսկ Ռուսիոյ կողմէ միջուկային զէնք օգտագործելու հնարաւորութեան մասին թեզը պարտադրելը կ'օգտագործուի Ռուսիոյ բարեկամ երկիրներու վրայ բացասաբար ազդելու համար։

«ՆԱԹՕ-ն մտադիր չէ փոխելու իր միջուկային դիրքերն ու տեղակայումները», - ըսած է Սթոլթենպերկ ՝ պատասխանելով հարցին, թէ տեխնիկապէս հնարաւոր է տեղակայել կազմակերպութեան միջուկային հնարաւորութիւնները Շուէտի եւ Ֆինլանտայի մէջ, եթէ այդ երկիրները միանան դաշինքին։