image

Մեր ակնկալիքը ռուսական կողմէն առանձնայատուկ է․ Գեղամ Մանուկեան

Մեր ակնկալիքը ռուսական կողմէն առանձնայատուկ է․ Գեղամ Մանուկեան

Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներէն ակնկալիքը գործուն քայլերն են, Ատրպէյճանի վրայ շատ աւելի ճնշումներն են ու միայն յայտարարութիւններով չբաւարարուիլը։ Այս մասին ՌԴ դեսպանատան դիմաց կազմակերպուած նստացոյցի ժամանակ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը։

«Ռուսական կողմից ակնկալիքը շատ աւելի առանձնայատուկ է՝ հաշուի առնելով, որ այսօր Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը, ՀՀ-ի ձեռքերը լուանալուց յետոյ, մնացել են ռուս խաղաղապահները, որոնց ներկայութիւնը այսօր եզակի  անվտանգութեան երաշխիք է Արցախի Հանրապետութեան համար։ Ադրբեջանի քաղաքականութիւնը փաստում է, որ ռուս խաղաղապահների ներկայութիւնը կենսական անհրաժեշտ է լինելու՝ արցախահայութեան էթնիկ զտումը կանխելու համար։ Ունենալով դժուարութիւններ՝ ռուսական կողմը պէտք է շատ աւելի գործուն քայլեր ձեռնարկի, որովհետեւ Ադրբեջանը աւելի ամբարտաւան է դառնում ՝ տեսնելով ոչ գործնական ճնշումներ, այնքան ամբարտաւան, որ նոյնիսկ շրջափակման մէջ է պահում ռուս խաղաղապահներին»,-ըսած է պատգամաւորը։

Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը նախաձեռնած է 24 ժամեայ նստացոյց՝ ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի Դաշնութեան, Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպանատներու եւ ԵՄ ներկայացուցչութեան դիմաց։

Նստացոյցի նպատակն է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներէն եւ ԵՄ-էն պահանջել չբաւարարուիլ լոկ յայտարարութիւններով, այլ գործուն քայլեր ձեռնարկել Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումն անյապաղ վերացնելու ուղղութեամբ։