Մենք շատ վստահելի յարաբերութիւններ ունինք ռազմաարդիւնաբերական համագործակցութեան ոլորտին մէջ, յայտարարած է Վլատիմիր Փութին Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ բանակցութիւններուն ժամանակ։
Փութին նշած է, որ վերջին տարիներուն մեծ աշխատանք կատարուած է Մոսկուայի եւ Նիւ Տելհիի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։
«Մեր երկիրներու եւ տնտեսութիւններու զարգացման զուգընթաց ընդլայնուած են մեր համագործակցութեան հնարաւորութիւնները», - նշած է Փութին՝ մատնանշելով բարձր ճարտարագիտութեանց հետ կապուած համագործակցութեան նոր ի յայտ եկող ոլորտները։
«Ճարտարագիտութիւնները, որոնք կապուած են օդագնացութեան, տիեզերքի, բառի լայն իմաստով բարձր ճարտարագիտութեանց եւ արհեստական բանականութեան ոլորտներուն մէջ զարգացման եւ համատեղ աշխատանքի հետ. մենք մտադիր ենք շարժիլ այս բոլոր ուղղութիւններով», - ընդգծած է Ռուսիոյ նախագահը։
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահն այսօր պաշտօնական այցով ժամանած է Հնդկաստան: Զինք դիմաւորած են Հնդկաստանի նախագահ Տրուփատի Մուրմուն եւ վարչապետ Նարենտրա Մոտին: