ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ խորհրդարանի անդամ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այսօր այցելութիւն տուաւ Պաապտայի նախագահական պալատ եւ ընթացող քննարկումներու ծիրէն ներս հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աունի հետ:
Բագրատունի նախագահին հետ իր ունեցած հանդիպման աւարտին ճեպազրոյց մը ունեցաւ լրատագրողներուն հետ, ուր մասնաւորապէս ըսաւ «Մենք երկիրը քաղաքական տագնապէն դուրս բերելու ուղղոած նախագահ Աունի նախաձեռնութեան եւ գործադրած ճիգերուն հետ ենք: Կը յուսանք նաեւ, որ այս քաղաքական տագնապը շուտով կ'աւարտի ու վարչապետ Սաատ Հարիրի յետս կոչելով իր հրաժարականը կը գլխաւորէ կառավարութիւնը»:
Յիշեցնենք, որ նախագահ Աուն այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ հերթաբար ընդունած է երկրի քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչները:
Ըստ լիբանանեան աղբիւրներու քննարկումները կը կեդրոնանան վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարական տալէն ետք ստեղծուած տագնապին լուծումներ որոնելու վրայ:
Հարիրի, որ հրաժարած էր անցնող 4 նոյեմբերին անսալով նախագահ Աունի փափաքին սառեցուցած էր իր հրաժարականը: