image

Մենք պէտք չէ պարտուէինք, Ատրպէյճանը այդ առաւելութիւնը չունէր. Ռոպերթ Քոչարեան

Մենք պէտք չէ պարտուէինք, Ատրպէյճանը այդ առաւելութիւնը չունէր. Ռոպերթ Քոչարեան

Ես ուղղակի կը տիրապետեմ այդ տեղեկատւութեան եւ այդ ճանապարհի թեման Ատրպէյճանի պահանջով դարձած է նոյեմբեր 9–ի յայտարարութեան 9–րդ կէտ՝ զուգաչափութիւն ստեղծելու համար Լաչինի միջանցքի հետ։ Այս մասին 5–րդ ալիքին տուած հարցազրոյցին ըսած է ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը՝ անդրադառնալով Մեղրիով ճանապարհի թեմային։

«Մենք չպէտք է պարտուէինք, Ադրբեջանը այդ առաւելութիւնը չունէր, վստահաբար եմ ձեզ ասում։ Եւ ինքը, այսպէս ասենք, բանակը բարելաւելու կարգախօսների տակ քանդեց բանակը, հիմա ինքը նոյնը անում է եկեղեցու հետ»,– նշած է ան։

Դիտարկման, որ  Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը իր կառավարման տարիներուն ալ բաւական ընդդիմադիր կեցուածք ունէր, երբ կը խօսէր քաղաքական թեմաներով, բաւականին սուր յայտարարութիւններ կ՚ըներ, Քոչարեանն ըսած է. «Կարմիր գծեր կան, որ այս իշխանութիւնը հատել է հեշտութեամբ։ Շատ եմ մտածել, չեմ հասկացել, թէ կուսակրօնութիւնը ինչ կապ ունի երկրի անվտանգութեան հետ, չեմ գտել այդ կապը։ Նիկոլ Փաշինեանը գտնում է այդ կապը»։

Ռոպերթ Քոչարեանի համոզմամբ Դատախազութիւնը այսօր ոչ թէ դատաիրաւական համակարգի մաս է, այլ ուղղակի քարոզչութեան մեքենայ է «Քաղաքացիական պայմանագրի» համար։

Ինչ կը վերաբերի ՀԵՑ–ի շուրջ կատարուողին, երկրորդ նախագահը նշած է, որ սա ուղղակի հաշուեյարդար է եւ թերեւս նպատակը այն է, որ գալիք ընտրութիւններու ժամանակ ժամանակաւոր տնօրէն ունենան բաշխիչ ցանցերու մէջ եւ օգտագործեն այդ համակարգը ընտրական նպատակներու համար։

«Ենթադրում եմ՝ կապուած որոշակի ընտրական պրոցեսների հետ, կարող են նախաստորագրուող, այսպէս ասենք, մի թղթի կտոր տան Հայաստանին՝ ընտրազանգուածի վրայ ազդելու համար։ Ամէնից խոցելի զանգուածները ամէնից շատն են ձայն տուել այս իշխանութեանը եւ իրենց կեանքում ոչինչ չի փոխուել, մի բան էլ վատ ասել է, այս մարդը իրեն ձայն տուած մարդկանց ատում է»,– յայտարարած է ան՝ աւելցնելով, որ արտաքին աշխարհի մէջ չկայ որեւէ լուրջ մարդ, որ կը շարունակէ վստահել Նիկոլ Փաշինեանին, սակայն կը փորձեն եւ բարեյաջող կ՚օգտագործեն անոր։