Երէկ Պէյրութի մէջ մահացած ՀՅԴ գործիչ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ եւհամահայկական մակարդակի տարբեր պարտականութիւններ ստանձնած՝ Գառնիկ Մկրտիչեանի վերջին յարգանքի արարողութիւնը տեղի ունեցած է այսօր։
Այս մասին Արեւելք տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ առաւօտուն իր հարազատներու, գաղափարակից ընկերներու եւ Պուրճ Համուտի մեծ թիւով սգակիր հայրենակիցներու ներկայութեամբ հանգուցեալի մարմինը բերուած է «Սարդարապատ» ակումբի մօտ, որպէս վերջին հրաժեշտի արարողութին։
Այնուհետեւ սգաւորներու թափօրի ընկերակցութեամբ հանգուցեալի մարմինը փոխադրուած է Անթիլիասի մայրավանք, ուր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուած է յուղարկաւորութեան արարողութիւն։
Արարողութիւնէն ետք յանուն Լիբանանի Թեմի Ազգային իշխանութիւններուն դամբանական խօսք արտասանած է Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահէ եպս. Փանոսեան, որ իր խօսքի աւարտին ալ կարդացած է Գառնիկ Մկրտիչեան ազգային գործիչին, միութենական կազմակերպիչին եւ գաղութի նուիրեալին մասին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի դամբանական խօսքը։
Ապա ներկաները իրենց ցաւակցութիւնը յայտնած են վանքի շրջափակին մէջ, որմէ ետք ալ սգաւորներու ընկերակցութեամբ հանգուցեալի մարմինը փոխադրուած է Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր տեղի ունեցած է թաղման աղօթք եւ ապա Գառնիկ Մկրտիչեանի մարմինը յանձնուած է հողին։
Պիտի յիշուի Գառնիկ Մկրտիչեանը, որպէս լիբանանահայ գաղութի նուիրեալ գործիչ, որուն խօսքն ու մանաւանդ գործը անդրանձաւ գաղութային սահմանները զինք դարձնելու համար համահայկական գործի եւ իսկական նուիրումի վեհ կերպար։
Յարգանք իր յիշատակին։