11 Յուլիսին, տեղական ժամանակով ժամը 22:25-ին (Կրինվիչի ժամանակով ժամը 18:25-ին) ՀՀ ԱԻՆ երկրաշարժական պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 41․19⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 43․96⁰ աշխարհագրական չափագրումներով Վրաստան-Հայաստան սահմանային գօտի` Պաւրա գիւղէն 14 քմ հիւսիս-արեւելք, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 2.7 ուժգնութեամբ երկրաշարժ:
ԱԻՆ–էն տեղեկացուցած են, որ երկրաշարժի կեդրոնային գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 3-4 բալ:
Երկրաշարժը զգացուած է Շիրակի մարզի Պաւրա, Սարագիւղ գիւղերուն մէջ՝ 3 բալ ուժգնութեամբ։
Յիշեցնենք, որ սա հինգերորդ երկրաշարժն է այս տարածքին մէջ 11 յուլիսի ընթացքին։