8 Նոյեմբերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովը ընդլայնուած կազմով:
Ժողովը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով, ապա Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ ԳՀԽ անդամները աղօթեցին 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին նահատակուած հայորդիներուն եւ նորոգ հանգուցեալ հոգեշնորհ Տ. Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեանի հոգիներու հանգստութեան համար:
Այնուհետեւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հոգեւորական եւ աշխարհական անդամներուն իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները բերաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը: Վեհափառ Հայրապետը հայցեց, որպէսզի Տէրը առաջնորդէ ժողովականները` արդիւնաւէտ կերպով կայացնելու ԳՀԽ հերթական ժողովը:
Հնգօրեայ ժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին ազգային, եկեղեցա-վարչական, իրաւական, կանոնական, կարգապահական եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման առնչուած հարցեր: Քննարկման առարկայ պիտի դառնան արցախեան պատերազմին հետեւանքները եւ անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ իրականացուող ծրագրերը, ինչպէս նաեւ յետպատերազմեայ եւ համաճարակային պայմաններու մէջ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը:
Օրակարգին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Նուիրապետական Աթոռներու, թեմերու, հայրապետական պատուիրակութիւններու գործունէութեան առնչուող հարցեր: