image
Հրատապ լուրեր:

Մայիս 8-ին եւ 9-ին փակ պիտի ըլլան «Յաղթանակի զբօսայգի»ն եւ «Կոմիտաս»ի պանթէոնը

Մայիս 8-ին եւ 9-ին փակ պիտի ըլլան «Յաղթանակի զբօսայգի»ն եւ «Կոմիտաս»ի պանթէոնը

Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնի կապակցութեամբ տեղի պիտի ունենան միայն պաշտօնական արարողակարգային միջոցառումներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնը։

«Հնարաւոր մարդկային կուտակումներէն խուսափելու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ նոր «Քորոնա» ժահրային վարակի յետագայ տարածումը կանխարգիլելու նպատակով՝

8 Մայիսին՝ ժամը 20:00-էն մինչեւ 9 մայիսը՝ ժամը 23:59-ը, պիտի արգիլուի փոխադրութեան միջոցներու եւ մարդոց մուտքը Յաղթանակ զբօսայգիի անմար կրակի յուշահամալիրի տարածք եւ յարակից ճեմուղիներ,

9 Մայիսին՝ ժամը 08:00-էն մինչեւ ժամը 23:59-ը, պիտի արգիլուի փոխադրութեան միջոցներու անձանց մուտքը Կոմիտասի անուան պանթէոն,

«Եռաբլուր» պանթէոնի մէջ մարդկային կուտակումներէն խուսափելու նպատակով պիտի նշանակուին ոստիկանական վերակարգեր 8 մայիսին՝ ժամը 07:00-էն մինչեւ 9 մայիսը՝ ժամը 23:59-ը: Կը յորդորենք «Եռաբլուր» պանթէոն այցելել փոքր խումբերով։

Շնորհակալութիւն ըմբռնման համար: Նշենք նաեւ, որ վերոնշեալ կարգը խախտելը կ'առաջացնէ իրաւական հետեւանքներ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։