Հայաստան թէ արտասահման՝ ամենուրէք, օրերս Մայիսի 28-ը նշուեցաւ տարբեր տարողութիւններով։ Ո՛չ տօնական տրամադրութեամբ։ Այսօր մենք պիտի անդրադառնանք Մայիս 28-ի առանձնայատուկ նշանակութեանը մեր պատմութեան, ներկային ու ապագային մէջ։
Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին սովորութեան կարգ անցած է թուագրելու Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Պաշտօնական ընկալումով՝ ներ- կայի հանրապետութիւնը կը թուագրուի երրորդ հանրապետութիւն, պաշտօնական տեսակէտէն տարբեր մօտեցում, չափանիշներ օգտագործողներու համար՝ ներկան երկրորդ հանրապետութիւնն է, խորհրդային 70 տարին չհաշուելով որպէս առաջինի շարունակութիւն։ Իւրաքանչիւր մօտեցում իր արդարացումն ունի։ Մեզ համար ալ, Հայաստանի Հանրապետութեան երեսնամեակի սեմին՝ սեփական չափանիշերով, 1918-ի Մայիսի 28-ին հռչակուած Հանրապետութիւնը ցարդ շարունակող չունեցաւ։
Եթէ պետութիւն հասկացողութիւնը նիւթական-իրաւական ըմբռնումով կիրառենք՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու մէջ բնակչութեան ինքնիշխան պետականութիւն, իր խորհրդանիշներով՝ դրօշ, հիմն, զինանշան, ինքնուրոյն արտաքին յարաբերութիւններով, իր սահմանները պաշտպանելու ունակ բանակով, կառավարման կարգ ու սարքով, օրէնքներ եւ այլն, ապա՝ 1918-ին հիմնուած հանրապետութեան յաջորդ կը նկատուի ներկայի հանրապետութիւնը, որ իր մօտ երեսնամեայ կեանքի ընթացքին լրացուցած է այս բոլոր պայմանները։ Խորհրդային Հայաստանը առնուազն երկու յատկութիւններով՝ ինքնուրոյն արտաքին յարաբերութիւններ եւ սեփական սահմանները պաշտպանող բանակ, կը զիջի անոնց։ Առաւելագոյնը որ կրնանք ըսել, 70 տարի ետք՝ առաւել կամ նուազ, 1991-ին հռչակուած պետականութեան ժառանգեց սահմաններ, բնակչութիւն։
Արդարութեան համար պէտք է ըսենք, որ խորհրդային ժամանակաշրջանէն նորանկախ երկիրը բացասականին կողքին հսկայ դրական ժառանգութիւն ստացաւ՝ ենթակառուցուածքներ, արդիւնաբերական հզօրութիւն, տնտեսութիւն, գիտութիւն եւ կրթական համակարգ։ Այնուամենայնիւ՝ խորհրդային երկիրը չենք կրնար նկատել առաջինին շարունակութիւն։ Ներկայի հանրապետութիւնն ալ իրագործումներ ունեցաւ, սկսելով Արցախ աշխարհի ազատագրութենէն մինչեւ ենթակառուցուածքային յաւելումներ՝ ճամբաներ, կամուրջներ, ելեկտրակայաններ, օդանաւակայաններ, Երեւանի թէ աղէտի գօտիին մէջ շինարարական, տնտեսութեան ներդրում՝ նոր արհեստագիտու- թեան ներդրումով, թերեւս այլ յաւելումներ ալ, որոնք այս պահուն թուարկելը մեր նպատակէն դուրս է։
Երեսնամեայ պետականութեան հետ եթէ բաղդատենք միայն երեսուն ամ-սըւան կեանք ունեցած անկախ Հայաստանը, պիտի ըսենք՝ որ երկուքն ալ հետեւանք էին կայսերական Ռուսիոյ եւ խորհրդային Միութեան փլուզման, երկուքին ալ երկունքը ցաւալի եղաւ՝ պատերազմ, գաղթականութիւն, տարափոխիկ հիւանդութիւն, սով՝ 1918-ին, երկրաշարժ, Արցախի ազատամարտ եւ խորհրդային կայսրութեան փլատակներուն տակէն մազապուրծ՝ պետականու- թեան կառուցման ջանք։
1918-ին՝ անձեւ քաոս ունէինք ամէն իմաստով․ նախորդող պետականութիւն չկար՝ ոչ սահմաններ, ոչ կրթական եւ առողջապահական համակարգ, ոչ տնտեսութիւն, ոչ բանակ, ամէն օր հազարներով մահացող ազգաբնակչութիւն, ոչի՛նչ։ Երեսուն ամսուան ընթացքին՝ ոչ միայն այս բոլոր դժուարութիւնները գեր- մարդկային ճիգերով յաղթահարուեցան, այլեւ հիմքը դրուեցաւ պետական համալսարանին, հեռացուած պետութեան թշնամի տարրերէն ազատուած տարածքներու վրայ տեղաւորուեցաւ գաղթականութիւնը։ Աս ալ իրագործում էր, որուն արդիւնքը ցարդ կը վայելէ արդի պետութիւնը։
Սակայն՝ այն ինչ որ 1918 Մայիս 28-ին կեանք ստացած հանրապետութիւնը կ’առանձնացնէ, իւրայատուկ կը դարձնէ, իրաւայաջորդ պետութեան ժառանգած իրաւունքներն են, միջազգային ճանաչումէն սկսած մինչեւ նոյն ճանաչումէն բխած հողային իրաւունքները։ Այս ժառանգութեան միայն առաջին բաժինն է որ իւրացուց երրորդ հանրապետութիւնը, երկրորդի պարագային՝ միայն ակնարկներով բաւարարուեցաւ։ Չենք խօսիր տակաւին կառավարման ժողովրդավար-ընկերվար համակարգին մասին, որ նոյնքան կարեւոր է, իբրեւ ժառանգած փորձ։
1918-ի հանրապետութիւնը տէր ներկայացաւ հայաթափուած Արեւմտահայաստանի թէ՛ ժողովուրդին եւ թէ հողին։ Բովանդակ ազգային տեսլականը՝ միացեալ Հայաստան, միացեալ հայութեամբ պետութեան առաջնորդող գաղափարն էր եւ խթանը բոլոր նախագիծերուն, ծրագիրներուն, օրէնքներուն, արտաքին թէ ներքին քաղաքականութեան։
Երեսուն ամիսը անբաւարար էր ամէն ինչ իրագործելու համար, սակայն այն ինչ որ յաջողեցաւ՝ յաճախ սեփական կեանքի գնով, ժառանգել պետութիւն կերտած սերունդը բաւարար կռուան էր վերանկախացող երկրին ու իր ղեկավարներուն, առանց խարխափելու շարունակելու պետականութեան շէնքի բարձրացումը, ամրապնդումը, բոլոր մարզերէն ներս յառաջդիմութիւնը ուղղութեան մը վրայ եւ տեսլականով մը, որ կիսատ մնացածը՝ անաւարտը ամ- բողջացնելու դիմէր։
Իրաւական պահանջատիրութեան, Հայաստան պետութեան բնական տեսլականին տէր չկանգնիլը առաջին իսկ օրէն, տակաւին կառավարման համակարգէն ու ժողովրդավար-ընկերվար հասարակարգէն հեռու՝ խորհրդային եւ նոր ազատականութեան խառնուրդի մը որդեգրումը այն հիմնական պատճառներն են պետութեան ձախողութեան, որուն արդիւնքները այսօր կը քաղենք՝ պարտութենէն մինչեւ ազգի պառակտում՝ ներառեալ սփիւռքը։ Ո՞վ կը մտածէր, որ Հայաստանին օր մը օրանց կրնայ քաղաքացիական պատերազմ սպառնալ։ Բայց իրականութիւն է՝ ազգովին պառակտուած ենք, յաջողեցա՛ն պառակտել եւ մէկզմէկու թշնամացնել մեզ։
Չենք կրնար ըսել որ 1918-ի հանրապետութեան խորթ էին այն բոլոր բացասական երեւոյթները, որոնց մասին կը խօսինք․ բնականաբար՝ ո՛չ։ Բայց երբ կայ յստակ ուղղութիւն եւ նպատակ, որոնք կը բաւարարեն սեփական ժողովուրդի ակնկալութիւնները իր պետութենէն, այնտեղ հրաշքներ կը կատարուին։ Միաւորող գաղափարը չէ միայն որ կը պակսի պետութեան, այլ անոր գլուխ գտնուողներուն արժանահաւատ չըլլալը։ Երբ հանդիսաւոր առիթով հանրութեան մէկ բան կ’ըսուի, իսկ օր մը ետք՝ այլ, երբ խօսակիցը օտար դիւանագէտ է, կամ՝ վերջին երեք տարուան ընթացքին այնքան շատ օրինակ ունեցանք խօսքի եւ գործի հակասութեան, որ այնտեղ չի կրնար միաբանութիւն գոյանալ։ Միակ վայրը՝ թշնամիին դէմ նոյն խրամատն եղաւ, ուր կռուի թէ մահուան առջեւ միաբանութիւնը շնչեց ու գործեց։
Այս բոլորը չենք արձանագրեր ո՛չ փնովելու, ո՛չ ջատագովելու համար։ Կ’արձանագրենք՝ հետագային համար, որ օտար աստուածեր, կուռքեր չերկրպագենք, սեփական աստուածը թողած, որ կը կոչուի Հայ Ազգ, որուն հայրենիքն է Հայաստան աշխարհը՝ իր ամբողջութեան մէջ, որուն ուխ-տաւորներն ենք՝ գիտակցինք կամ ոչ, որուն դաւաճանել ինքնիրեն, սեփական սերունդներու կեանքի ու ազատ, անկաշկանդ, ապահով զարգանալու իրաւունքին դաւաճանել կը նշանակէ։
Մայիս 28-ը սկիզբ էր եւ պիտի շարունակուի, անոր արժանի ըլլալու համար։
ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ
29 Մայիս 2021