image

Մարտունիի մէջ. Գարեգին Նժդեհ արձանի հարցով անորոշութիւն կայ

Մարտունիի  մէջ. Գարեգին Նժդեհ արձանի հարցով անորոշութիւն կայ

 

Վերջին երկու օրերուն ընկերային ցանցերու եւ հասարակութեան շրջանին սկսած են քննարկել Մարտունի քաղաքին մէջ տեղադրուած Գարեգին Նժդեհի արձանի հեռացման հարցը: Արձանը տեղադրուած է Մարտունիի գլխաւոր փողոցներէն մէկուն վրայ, պաշտօնական բացման արարողութիւն դեռ չէ եղած: Լուրեր կը դառնան, որ ատրպէյճանցիները ռուս խաղաղապահներու միջոցով պահանջած են հեռացնել այն, ռուսերն ալ առաջարկած են իրավիճակը չսրելու համար կատարել պահանջը: Այս մասին գրած է Aparaj.am-ը:

 

«Ապառաժ»-ը կապ հաստատած է Մարտունի քաղաքի բնակիչներու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ պատասխանատու անձանց հետ: Պատասխանատու անձինք խուսափողական պատասխաններ տուած են անոնց հարցերուն: Սակայն անոնց հարցումներուն հետեւանքով պարզուած է, որ ռուս խաղաղապահ բարձրաստիճան զինուորականը քաղաքապետէն պահանջած է հեռացնել Գարեգին Նժդեհի արձանը: Քաղաքապետ Էդիկ Աւանէսեանը հրաժարած է, ըսելով՝ «կարող է վաղն էլ Մոնթէի արձանը պահանջեն ապամոնտաժել»:

Կայքի տեղեկութիւններով այս հարցի շուրջ դեռ քննարկումներ  կ'ընթանան եւ առայժմ որեւէ պատասխանատու մարմին պաշտօնական մեկնաբանութիւն չէ տուած: