Ֆրանսական «Ազգային միաւորում» կուսակցութեան առաջնորդ՝ Մարին լը Փէն, ուրբաթ օր առաջարկած է բոլոր հասարակական վայրերուն մէջ արգիլել իսլամական գլխաշորերու (յիժապ) կրելը՝ ձգտելով պահպանել վերջին հարցախոյզին արձանագրուած բարձր վարկանիշը, գրած է Arab News-ը։
«Ես կը կարծեմ, որ գլխաշորը իսլամիստական տարր է»,- լրագրողներուն յայտարարած է Լը Փէն, առաջարկելով «իսլամիստական գաղափարախօսութիւններու» արգիլման մասին նոր օրէնք սահմանել։
Ֆրանսայի գլխաւոր ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութեան ղեկավար՝ Լը Փէն երկու անգամ առաջադրուած է Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնին, ան 2017 թուականին մեծապէս զիջած է Մաքրոնին։
Բայց վերջին հարցախոյզը ցոյց տուած է, որ անոր վարկանիշը օրէ օր կ'աճի։
Harris Interactive առցանց ընկերութեան կատարած հարցախոյզը ցոյց տուած է, որ եթէ այսօր տեղի ունենար նախագահական ընտրութիւններու եզրափակիչ փուլը, ապա Լը Փէն կը հաւաքէր ձայներու 48 տոկոսը, իսկ Մաքրոն 52 տոկոսով կը վերընտրուէր։