image

«Մարդոց օգնելու շնորՀքը ծնողներուս, բայց մանաւանդ մօրս կը պարտիմ».Դոկտ. Ժագ Եուրէճեան

«Մարդոց օգնելու շնորՀքը  ծնողներուս, բայց մանաւանդ մօրս կը պարտիմ».Դոկտ. Ժագ Եուրէճեան

 

Ժագ Եուրէճեանի անունը թերեւս մեր ընթերցողներէն քիչերն են լսած: Երուսաղէմ ծնած, դժուարին պայմաններու մէջ Միացեալ Նահանգներ ոտք կոխած, եւ յետոյ անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ իր ուրոյն տեղը ունեցած մեր հայրենակիցը անցած է բաւականին դժուար ճանապարհներ: Միջին եւ նոյնիսկ չքաւորութեան սահմանին մօտեցող մանկութեան դժուար օրեր, արաբ-իսրայէլեան պատերազմ, Երուսաղէմէն պարտադրուած հեռացում դէպի Պէյրութ եւ ուսման տարիներու թանկ ծանրութիւն, որուն համար հիմնարար նեցուկ ունեցած է Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը ապա   Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութիւնը: Ամերիկայի մէջ ապրած իր կեանքի ամբողջ շարադրանքը կարելի է ներկայացնել շատ սեղմ տողերու մէջ եւ ըսել, վստահութեամբ առաջ գացած եւ յաջողութեան դռները ամոր թակող հայու անկոտրուկ կամքի իրական պատկեր: 

Ժագ Եուրէճեան, հօրմէն ու մօրմէն բարերարութիւնը ազգային վահանի վերածած մեր հայրենակիցը մինչեւ այս օրերուն ալ կը շարունակէ տարբեր մարզերէն ներս իր ազդեցիկ եւ դրական նպաստը բերել յանուն մէկ գաղափարի, յանուն տարբեր բնագաւառներու մէջ խնդիրներ ունեցող մեր հայրենակիցներու օգնութեան: Եւ այդ կամքը, այդ դրսեւորումը եւ այդ բարութիւնը ան ժառանգած է առաւելապէս իր ծնողներէն, որոնց մասին ան խօսած է այս հարցազրոյցին մէջ:

Ճիշդ է, որ  կեանքի նաւերուն, կեանքի փոթորիկներուն, կեանքի այս ճամբորդութիւններուն ընթացքին շատ դժուարին պահերէ կ'անցնինք, կը զարնուինք ալիքներու, եւ յաճախ մեզ պահող ու մեզ գրկող մակոյկը կը հասնի ապառաժին, կը դպնայ անոր, ետ դարձ կը կատարէ ու մենք դարձեալ կը սկսինք զէրօ կէտէն: Հաւանաբար Ժագ Եուրէճեան անցուցած է այդ դժուարութիւնները, բայց երբեք չէ դժգոհած, երբեք չէ պաղատած, երբեք չէ ընկրկած: Իր քայլերուն եւ երազներուն առջեւ կապոյտ պատուհան մը բացող Միացեալ Նահանգներուն մէջ ան ամէն գնով յաջողած է կիրարել իր ծնողներէն իրեն ժառանգուած մեծ աւանդոյթը, աւանդոյթ, որ կեանքի ստորագրութիւն է, աւանդոյթ, որ սկիզբ է, աւանդոյթ, որ բարութեամբ մարմնաւորուած բարերարութիւն է:  Անոր  հանգուցեալ մայրը՝ Տիկին Մարկարիթը  երկար տարիներ իր ամբողջական նուիրումը ունեցած է Կիւմրիի մեր հայրենակիցներուն ու նաեւ այնտեղ հիւանդանալու գնով գործելով փորձած է հասնիլ այդ վիրաւոր քաղաքի ծով կարիքներուն: Ժագ Եուրէճեան նոյն համբերութեան տէրն է, նոյն համբերատարութեան, նոյն սիրոյ եւ նոյն նուիրումի:     

 

 

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ ամերիկահայ  բարերար, դոկտ. Ժագ Եուրէճեան:

-Պր.Եուրէճեան  դուք երկար ճանապարհ անցած  անձնաւորութիւն էք։  Ունեցած էք մեծ ձեռքբերումներ ու  չէք     մոռցած  այդ յաջողութիւնէն մասնիկ մըն ալ   յատկացնել մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին։ Ի վերջոյ  ինչ է ձեր յաջողութեան գաղտնիքը։ 

Ծնած եմ Երուսաղէմի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ 1948-ին, պատերազմի տարին, քաղաքի ռմբակոծման օրը:  Երջանկայիշատակ Տ. Եղիշէ Պատրիարքը  (օրին վարդապետ) ինք որոշած է անունս։ Թերեւս օրհնուած եմ, որովհետեւ կեանքս հեշտ անցած է, մանաւանդ որ, հարուստ ընտանիք մը չէինք, մայրս ու հայրս միջին  խաւի  դերձակներ էին: 

 Մանկութիւնէս  մտքիս մէջ  միշտ դրոշմուած մէկ բան ՝ օգնել ուրիշին, օգնել կարօտեալին, օգնել քեզմէ տկարին եւ այդ մէկը մեզի փոխանցուած է   մօրմէս։ Այդ մեր համեստ վիճակին մէջ իսկ, ան միշտ կը խօսէր ու կը խրախուսէր, որ ուրիշին  պէտք է օգնենք, եւ ինքը իր կեանքով մեզի այդ ճամբան ցոյց տուաւ: Մայրս Լոս Անճելըսէն Կիւմրի գնաց 1988-ի երկրաշարժէն վերջ ու այնտեղ մնաց 10 տարի։ Այնտեղի «տոմիկներ»ուն  (թիթեղեայ տուներ Խմբ. ՝«Արեւելք») մէջ եղող  ընտանիքներուն հետ ապրեցաւ:  Յաճախ կ՚այցելէր Ամերիկա ու  առիթով մը երբ իրեն ըսի, թէ շատ յոգնած կ'երեւիս, այս անգամ յետաձգէ երթալդ, ան պատասխանեց,- «եթէ չերթամ, այնտեղի երեխաներուն դէմքերը շարժանկարի պէս աչքիս առջեւէն կ'անցնին, չեմ կրնար հանգիստ ընել, պէտք է երթամ»: 

 Ամերիկայի մէջ հանգանակութիւն  կ՚ընէր մեր բարեկամներէն, կազի լիցքաւորման կայաններէն, խանութներէն: Օր մը լսեցի բարեկամներէս, որ դրամահաւաք կ'ընէ, զարմանալով հարցուցի «մեր բարեկամներէն դրամ կ'ուզե՞ս», ըսաւ՝ «տղաս ինծի համար չէ հայրենիքի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար է»։

Եւ այդպէս հաւաքած գումարները  պայուսակը լեցուցած կ'երթար Հայաստան: Այնտեղ ալ հիւանդութենէ վարակուեցաւ, որ պատճառ եղաւ իր մահուան: Երբ ես առաջին անգամ Կիւմրի այցելեցի, ի դէպ հոն շատ գործ ըրած եմ, այն զգացումը ունեցայ որ մայրս հետս կը քալէ Կիւմրիի փողոցներուն մէջ, շատ յուզուեցայ եւ մինչեւ հիմա կը յուզուիմ  եւ անշուշտ մարդոց օգնելու շնորքը  ծնողներուս, բայց մանաւանդ մօրս կը պարտիմ։

Ես Երուսաղէմի մէջ Թարգմանչաց վարժարանը աւարտեցի, շատ լաւ ուսում ստացայ: Այն տարին որ  սկսայ AUB (Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը Խմբ. «Արեւելք»)  յաճախել, իմ հետ  նոյն համալսարանը ընդունուած էին 5  անձեր  ու բոլորն  ալ Թարգմանչաց վարժարանէն էին։ Շատ  հզօր վարժարան էր եւ միշտ կը հպարտանամ  իմ դպրոցով։

Երբ Երուսաղէմէն  Պէյրութ գացի,  կրթաթողակի առաջին եռամսեակը ծնողներս  վճարեցին, յաջորդ եռամսեակին օգնութիւն ստացայ AGBU-էն: Ապա «Կիւլպէնկեան հիմնարկ»էն   սկսայ կրթաթոշակ ստանալ: Ստացայ դեղագործութեան  մագիստորոսի  աստիճան  ու փոխադրուեցայ Ամերիկա, ու յաճախեցի  University of Southern California համալսարան  ստանալով  դոկտորայի տիտղոս։ 

Շրջան մը հիւանդանոցի մէջ աշխատեցայ: Բայց ետքը սեփական դեղարանս բացի, նոր տուն գնած էինք ու մեծ  վարկեր ունէի, աղջիկս դեռ 3 ամսական էր, բայց եւ այնպէս դեղարանի գործը մեծցուցինք ու ուրիշ դեղարան ալ բացինք: Այն ատեն  Պարսկաստանէն  ու Հայաստանէն գաղթականներ սկսած էին գալ եւ ես միակ հայախօս դեղագործն  էի: Բախտը մեծ դեր խաղցաւ կեանքիս մէջ, երբ առանց գիտնալու նշանաւոր վայրէ մը տուն գնեցի, եւ այդ տան գինը բարձացաւ ու  սկսայ դեղարաններու  ցանց  մը հիմնել։ Նաեւ աշխատանքը մեծ դեր ունի,  ես 15 տարի օրական 16 ժամ աշխատած եմ: Ծնողքս ինձմէ առաջ հասած էին Ամերիկա: Եւ ես մինչեւ գործ  մը ճարեմ  շատ ժամանակ առաւ։  Չէի ուզէր ծնողքիս բեռ ըլլալ, եւ այդ  մէկը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ, որ շատ աշխատիմ:

Փարիզի վրայով պիտի երթայի Ամերիկա: Պաղեստինեան անձնագիր ունենալուս համար  4 օր օդակայանը մնացի, 5-րդ օրը Լոս Անճելըս կրցայ մեկնիլ: Այդ 5 օրերու ընթացքին ունեցած գումարս ծախսեցի եւ միայն 8 տոլարով հասայ Ամերիկա: Երկար  ժամանակ  աշխատանք փնտռեցի, մինչեւ որ հայ դեղագործի մը հանդիպեցայ եւ խրատեց, որ տեղ մը 6 ամիս ձրի աշխատիմ, որպէսզի փորձառութիւն ունենամ եւ գործ ճարեմ։  Այդպէս ալ եղաւ, ու երկու  աշխատանք ճարեցի։ Անկէ ետք դռները սկսան բացուիլ: 5  աշխատաւորով սկսանք մեր գործը,  եւ այժմ 300  պաշտօնեայ  եւ 12 մասնաճիւղ ունինք: Բացի դեղարանէն նաեւ ճիւղաւորուեցանք եւ սկսանք վաճառել բժշկական սարքեր:Աշխատանքներուս եւ յաջողութիւններուս մէջ  մեծ    դեր ունեցաւ  կինս, որ մինչեւ հիմա  ալ    աշխոյժ   կերպով կը մասնակցի մեր գործունէութեան։ Ընտանիքիս անդամները՝ քոյրերս ալ գործին մէջ ներգրաւեցինք, իսկ վերջին տարիներուն տղաս դարձաւ մեր ընկերութեան  գործադիր տնօրէնը եւ ան  բացառիկ ունակութիւններով տնտեսվար- գործարար մըն է:     

 

 

- Երուսաղէմի ձեր մանկութենէն ի՞նչ կը յիշէք:

Մենք շատ պարզունակ  կեանք մը ունէինք Երուսաղէմի մէջ: Հ.Մ.Ը.Մ-ի սկաուտ էի, Հ.Ե.Մ-ի ակումբը կար, մեր կեանքը  բոլորուած էր  ակումբին շուրջ: Կ'երթայինք ճատրակ կը խաղայինք, փինկ-փոնկ կը խաղայինք:  Յաճախ կազմակերպէին յեղափոխական երգերու  երեկոյթներ կը կազմակերպէին, սեղաններու շուրջ նստած կ'երգէինք: Բայց ժամը 8:30-ին վանքին դուռը կը   փակուէր, եւ   պարտաւոր էինք տուն վերադառնալ։ Շատ  լաւ կը յիշեմ, որ դպրոցի գրադարանէն գիրքեր կը վերցնէի, շատ կը սիրէի կարդալ, մանաւանդ ֆետայիներուն մասին, յեղափոխական պատմութիւններու մասին: Մենք կեդրոնացած էինք մեր դասերուն ու դպրոցին վրայ: Այն ժամանակ   Երուսաղէմի  կեդրոն, ուրը կ՚ապրէինք ոչ հարուստներ  կային ոչ ալ շատ աղքատներ։  Ընկերային մակարդակը գրեթէ հաւասար էր, հետեւաբար մրցակցութիւն չկար, ցուցադրութիւն չկար: Մենք   նոյնիսկ չէինք գիտեր, որ հարուստ ու աղքատ կար, եւ այդ մէկը առաւելութիւն էր մեզի համար: 

Մեր  դպրոցի  դաշտը քարքարոտ էր, սկաուտապետնիս նաեւ մեր մարզիչն էր, առաւօտ  ժամը  5-ին կ'արթննայինք ու մինչեւ  ժամը 6 հորէն ջուր կը քաշէինք, որպէսզի դաշտը ջրէինք ու 6-6:30 կէս ժամ միայն ֆութպոլ կը  խաղայինք: Ամենայն աշխուժութեամբ ամէն երեքշաբթի, հինգշաբթի ու շաբաթ օրերը նոյն բանը կ'ընէինք: 

Մանկապարտէզի գոգնոցնիս կարմիր գոյնով էր, շատ լաւ  կը յիշեմ: Դպրոցի ուսուցիչները խիստ էին,  եւ պարտաւոր էինք միշտ հայերէն խօսիլ։ Դպրոցի նիւթերը ծանր էին,  ու մեծաւ մասամբ  անգլերէնով: Նոյնիսկ դաս մը ունէինք, որ այն ատեն, Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներու մանրակերտները կը շինէինք: երբ Հայաստան եկայ արդէն բոլոր եկեղեցիները ծանօթ էին ինծի:

 

 

- Ինչպէս՞ կայացաւ   ձեր կապը Հայաստանի հետ: 

1992-ին առաջին անգամ Հայաստան եկայ, պարզապէս այցելութեան մը համար։Այն ատեն կարողութիւն չունէի գործ մը ընելու։ Շատ գէշ օրեր էին, ինչպէս կ'ըսեն՝  սեւ օրեր:  Երկրորդ այցելութեանս, իմ սանուկը՝ Հայկ Պոյաճեան, COAF-ի (Children of Armenia Fund) կազմակերպութեան մէջ կ'աշխատէր, տարաւ ինծի «Հացիկ»  գիւղի  դպրոցը: Երբ  հոն  հասայ, կարծես իմ դպրոցը՝ Թարգմանչացը մտայ, միեւնոյն նստարանները, նոյն ձեւի դասարանները: Տնօրէնուհին ալ շատ բացառիկ  անձանւորութիւն էր։ Այնքան լաւ կազմակերպուած դպրոց  էր, անգլերէնի դասարաններ ունէր, ուր աշակերտները այնքան լաւ անգլերէն կը խօսէին: Իմացայ, որ նիւթականի կարիք ունին, տեղւոյն վրայ օգնեցի: Բայց վերջը իմացայ, որ նկատի ունենալով դպրոցը  COAF-ի հովանաւորութեան տակն է,  եւ  պէտք էր  իրենց ճամբով կատարէի նուիրատուութիւնս: Եւ այնտեղէն  ընթացք առին Հայաստանի մէջ ծրագիրներ իրականացնելու իմ երթը։ Մինչ այդ  մէջս միշտ ալ  փափաք   եղած էր, որ եթէ  օր մը  ի  վիճակի ըլլամ, ես ալ պիտի օգնեմ եւ կարիքաւոր աշակերտներուն կեանքին մէջ տարբերութիւն   բերեմ,  որպէսզի իրենք ալ իրենց ուսումը շարունակեն:  Եւ երբ վիճակս  լաւացաւ սկսայ COAF-ին նուիրատուութիւն ընել: 

Յետոյ «Փարոս»ին հետ կապուեցայ, նաեւ կապուեցայ «Շիրակ» կեդրոնին հետ, որուն կառավարիչն է Վահան Թումասեան։ Ան   բացառիկ անձնաւորութիւն է ,  եւ սկսայ Կիւմրիի մէջ, «տոմիկներ»ուն մէջ բնակող ընտանիքներուն կահաւորուած տուներ գնել եւ զիրենք հոն փոխադրել: Նախապատուութինը այն  ընտանիքներուն  էր, որոնք առնուազն 3-4 երեխայ ունին, մինչեւ 8 տարեկան: Եւ պայմանս այն էր, որ չեն կրնար այդ տունը վաճառել կամ վարձու տալ մինչեւ ամէնէն փոքր երեխան 18 տարին բոլորէ: Մօտաւորապէս 40 տուն գնեցի: Վահանը կ'առաջարկէր ընտանիքներ, ես անձամբ կ'երթայի, կ'այցելէի եւ կը տեսնուէի ընտանիքներուն հետ: Մինչեւ հիմա կը կապուիմ հետերնին ու կը հարցնեմ ինչպէս են երեխաները:  Ի վերջոյ  այդ երեխաներու երեսին ժպիտ մը տեսնելը  ինծի համար մեծ   ուրախութիւն է եւ «միլիոն կ'արժէ»: 

Ժագ Եուրէճեանի մայրիկը 

- Ի՞նչ  զգացումներ կ՚ունենաք,  երբ այսքան բարերարութիւն կ'ընէք:

Ես ամէն տեսակի կեանք տեսած եմ: Այն տունը, ուր կ'ապրէինք, փոքր էր եւ մենք 4 զաւակ էինք: Բայց մեր ծնողները մեր մէջ սերմանած էին, որ պէտք է տարբերութիւն մը բերես մարդոց կեանքին մէջ, այս մէկը կարծես կնքուած էր մեր  մէջ: Հայրս, Ամերիկայի մէջ գործարան մը կ'աշխատէր, վստահ, որ այնքան մեծ չէր  ստացած աշխատավարձը, բայց ամէն ամիս առանց բացառութեան երկու չէք կը ստորագրէր,  առաջինը  Լոս Անճելըսի տնազուրկներու հիմնադրամին , իսկ միւսը՝ «Ararat home»-ին: Եւ  այդ բոլորը իմ մէջ մեծ ազդեցութիւն թողած  էին։   Եւ այսօր ալ  ծնողներուս գծած ուղիով է, որ կը քալեմ։ Ինծի համար     մեծ ուրախութիւն է    մեր հայրենակիցներու դէմքերուն ժպիտ մը տեսնել։

 

- Այս անգամ ի՞նչ առիթով եկած էք Հայաստան: Ի՞նչ էին ձեր կատարած օժանդակութիւնները: 

Ինչպէս ըսի ես սկսած եմ նուիարտուութիւններս ընել COAF-ին հետ աշխատակցելով: Երեք տարի է, որ կ'աշխատակցիմ նաեւ Scholarship Fund-ի հետ: Այս հիմնադրամով ուսանողներուն կրթաթոշակ կու տանք,  բոլորն ալ գիւղերէն են եւ Երեւան կու գան ուսանելու Պետական Համալսարան, AUA (Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարան) կամ Պրիւսովի համալսարան: Մեր կրթաթոշակէն օգտուողներէն մէկուն շրջանաւարտիցի հանդէսին ներկայ եղայ: Իմ նպատակս այն է, որ ինչպէս ես օգտուած եմ ուրիշներու օժանդակութենէն, նոյնը  ընեմ ուրիշ աշակերտներու, որպէսզի կարենան իրենց ուսումը շարունակել։ Ի վերջոյ առանց օգնութեան դժուար թէ աշակերտ մը գիւղէ մը  Երեւան գայ ու ծախսերը հոգայ: Ես առիթ կու տամ, որ ուսանին: Միայն մէկ խնդրանք ունիմ իրենցմէ, եթէ կարենան քիչ մը իրենց ժամանակէն իրենց գիւղին տալ,  ինչ որ ձեւով օգնել յաջորդ սերունդին: Կ'ուզեմ որ այս օժանդակութեան շրջանակը անընդհատ դառնայ, յիշեն, որ ինչպէս մէկու մը օգնութեամբ տեղ հասան, իրենք ալ նոյնը ընեն: Եթէ օգնեն յաջորդ սերունդին, այդ մէկը մեծ գոհունակութիւն պիտի տայ ինծի:

COAF-ին հետ, «Հացիկ»ի եւ  Արագածաւանի դպրոցին օգնեցի: Արագածաւան դպրոցին մէջ ջեռուցիչ համակարգ տեղադրեցինք: Ինծի համար ամէնէն էականը կրթութիւնն է: 

Վերջերս ՀՕՄ-ին ալ մեծագումար    յատակցում մը կատարեցի, որ պիտի տրամադրուի զինուորներու վերականգնողական կեդրոնին: Գիտեմ Արցախէն ընտանիքներ այստեղ եկած են, եւ վիրաւոր զինուորներ շատ կան:

Նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ-ի Նաւասարդեան խաղերուն համար կարեւոր  նուիրատուութիւն մը  ըրի։ Ըսեմ, որ Հ.Մ.Ը.Մ. բացառիկ գործունէութիւն կը տանի Լոս Անճելըսի մէջ: Միշտ կը քաջալերեմ Հ.Մ.Ը.Մ-ը։ 

- Ինչպէ՞ս տեսաք Հայաստանը այս անգամ:

Վերջին անգամ Հայաստան եկած էի 2019-ին: Այն ատեն որքան խանդավառուած էի: Երիտասարդներուն դէմքերը կը նայէի, ժպիտ մը կար, խանդավառութիւն կար, յոյս մը կար, ճամբաները մարդիկ խնդումերես կը քալէին: Յետոյ սակայն պատերազմը եղաւ եւ մնացեալը գիտէք։

Շատ կը մտածեմ, թէ ինչու պատերազմին մենք այնչափ վնասեցինք...: 

Դժուար է ինծի համար ընդունիլ թուրքերուն ու Ատրպէյճանի հետ խօսիլը, որովհետեւ վստահութիւն չունինք իրենց հանդէպ: Մենք ասիկա պէտք է ընէինք Արցախի առաջին պատերազմին: Եթէ այն ատեն խելացի քաղաքական գործիչներ ու դիւանագէտներ ունենայինք, կրնային բանակցութիւններու նստիլ եւ թելադրել մեր  ուզած պայմաները: Հիմա, այս պատերազմէն ետք, երբ այսքան երիտասարդ կորսնցուցինք, արդէն ուշ է: Այն ժամանակ «տաքը տաքին» պէտք է բանակցութիւններու երթայինք, բայց չըրինք ու չեմ  գիտեր ինչու չըրինք։ Մէկ բանի կը հաւատամ, որ մեր հայրենիքը անմեռ է եւ անպայման օր մը, ուշ կամ  շուտ  դարձեալ  արեւը պիտի ծագի։