Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները հեռախօսազրոյց ունեցած են, որու ընթացքին քննարկած են Աֆղանիստանի բնակիչներու անվտանգութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը, իրանական միջուկային ծրագրի հետ կապուած իրավիճակը, Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորումը, լարուածութիւնը Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքին մէջ եւ «նորմանտական ձեւաչափով» ջանքերու գործադրմամբ համակարգումը, յայտնած է Քրեմլի պաշտօնական կայքը:
«Էմանուէլ Մաքրոնի խնդրանքով Վլատիմիր Փութինը տեղեկացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ 2020 թուականի 9 Նոյեմբերի եւ 2021 թուականի 11 Յունուարի եռակողմ յայտարարութիւններու կատարման ընթացքի մասին: Նշուած է, որ իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ ընդհանուր առմամբ կայուն է, քայլեր կը ձեռնարկուին Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ փոխադրային կապերը վերականգնելու եւ բնակչութեան մարդասիրական կարիքները բաւարարելու համար: Փոխադարձ տրամադրուածութիւն արտայայտուած է Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման վերաբերեալ հետագայ համատեղ աշխատանքի համար, առաջին հերթին՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ձեւաչափով»,-ըսուած է կայքին մէջ:
Նաեւ երկիրներու ղեկավարները նշած են Աֆղանիստանի մէջ քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման եւ մարդասիրական հրատապ խնդիրներու լուծման կարեւորութիւնը, կողմ արտայայտուած են Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի իրականացման վերսկսման շուրջ բանակցութիւններուն, որ ծանրակշիռ գործօն է միջուկային զէնքի չտարածման գօրծին, ինչպէս նաեւ քննարկուած են շարք մը այլ «տարածաշրջանային թեմաներ», որոնք կը վերաբերին նաեւ Ափրիկեան մայրցամաքին:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել