image

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը միջուկային սպառնալիքներուն դէմ խօսեցաւ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը միջուկային սպառնալիքներուն դէմ խօսեցաւ

Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ յայտարարած է աշխարհի մէջ միջուկային պատերազմի սպառնալիքի մասին։ Այս մասին կազմակերպութեան ղեկավարը խօսած է իր ուղերձին մէջ՝ նուիրուած Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ճափոնի միջուկային ռմբակոծութեան 78-րդ տարելիցին։ Կութերեշ միջազգային հանրութեան կոչ ըրած է դասեր քաղելու 1945 թուականի 6 օգոստոսին ճափոնական Հիրոշիմա քաղաքին պատուհասած «միջուկային աղէտէն»:

«Միջուկային պատերազմի թմբուկները կրկին կը զարնեն. անվստահութիւնն ու պառակտումը կ'աճին: Պաղ պատերազմի ժամանակ առաջացած միջուկային ստուերը կրկին ի յայտ եկած է: Եւ որոշ երկիրներ կրկին անխոհեմօրէն կը ճօճեն միջուկային սուրը`սպառնալով օգտագործել ոչնչացման այս գործիքները», -ըսած է ՄԱԿ-ի ղեկավարը Հիրոշիմայի խաղաղութեան յուշահամալիրին մէջ ըրած յայտարարութեան մէջ, որ ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի զինաթափման հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Իզումի Նաքամիցուն:

Կութերեշ կոչ ըրած է երկիրներուն ամբողջութեամբ հրաժարելու միջուկային զէնքէն՝ յիշեցնելով, որ միջուկային զինաթափումը ՄԱԿ-ի գլխաւոր նպատակներէն է։ «Միջուկային պատերազմի վտանգը վերացնելու միակ ճանապարհը միջուկային զէնքի ամբողջական վերացումն է։ Միջուկային զէնքէն ազատիլը կը շարունակէ մնալ զինաթափման ոլորտի մէջ ամենաբարձր առաջնահերթութիւնը»,-ըսուած է Կութերեշի ուղերձին մէջ: