80 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած է պալէի հայ արուեստագէտ, պարուսոյց, ՀԽՍՀ ժողովրդական արթիսթ Վիլեն Գալստեանը: Այս մասին դիմատետրեան իր էջին յայտնած է Գալստեանի որդին՝ Դաւիթ Գալստեանը:
Այս մասին կը տեղեկացնէ նաեւ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնե, նշելով, որ 4 յունիսին 80 տարեկանին կեանքէն հեռացած է պալէի նշանաւոր արթիսթ, Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի գլխաւոր պալէի վարպետ Վիլեն Գալստեանը:
«Վիլեն Գալստեանի մահուան կապակցութեամբ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարի որոշմամբ կը ստեղծուի յուղարկաւորութեան կառավարական յանձնաժողով:
Հոգեհանգստի եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնների մասին կը յայտնենք լրացուցիչ»,- նշուած է ԿԳՄՍՆ հաղորդագրութեան մէջ: