image
Հրատապ լուրեր:

Մահացած է Սուրիոյ Հնչակեան նուիրեալներէն ՝ Սարգիս Զգուշեանը

  Մահացած է Սուրիոյ Հնչակեան նուիրեալներէն ՝ Սարգիս Զգուշեանը

 

 Մահացած է Սուրիոյ Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպի ՍԴՀԿ շրջանակներու քաջ յայտնի անուն հանդիսացող Սարգիս Զգուշեանը։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։ 

 Զգուշեան (1947-ի ծնունդ Հալէպ, Տաուտիյէ շրջան) երկար տարիներ գործած է որպէս ՍԴՀԿ  անդամ ստանձնելով պատասխանատու բարձր պաշտօններ։

 

 Ան կարեւոր պաշտօններ ստանձնած Է Կուսակցութեան Հալէպի մարմիններուն, ինչպէս նաեւ «Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան» եւ «Կիլիկեան» վարժարանէն ներս։ 

 

 Սարգիս Զգուշեան եղած է սիրուած հայր եւ միութենական գործիչ, վայլելով հալէպահայ համայնքին սէրն ակնածանքը։ 

 

 Վերջին տարիներուն ան յաճախ կ՚այցելէր Պէյրութ ՝ Լիբանան, իսկ երկու տարիէի ի վեր հաստատուած էր Պէյրութ։ 

 

 Յիշեցնենք,որ կարճատեւ հիւանդութեամբ մահացած Սարգիս Զգուշեանի վերջին հրաժեշտի ՝ յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենան այսօր Հաճնոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ի ներկայութիւն իր հարազատներուն ու գաղափարի ընկերներուն։