16 նոյեմբեր 2022-ին կեանքէն հեռացած է ՀՀ պետական գործիչ, նախկին նախարար Ռաֆայէլ Անդրանիկի Բագոյեանը:
Ան ծնած է 1948-ին: 1967-ին աւարտած է միջնակարգ դպրոցը, 1973-ին՝ Երեւանի պոլիտեխնիկական (բազմարուեստական) ինստիտուտի ճարտարապետաշինարարական բաժինը: 1990-ին ընտրուած է ՀՀ Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր, 1991-ին`Երեւանի Էրեբունիի շրջանային խորհուրդի գործադիր կոմիտէի նախագահ:
1993-ին նշանակուած է ՀՀ պետական նախարար եւ համակարգած է վարչատարածքային կառավարման մարմիններու, ընկերային ապահովութեան նախարարութեան, փախստականներու հարցերու պետական կոմիտէի, կենսաթոշակային հիմնադրամի աշխատանքները` միաժամանակ ղեկավարելով ՀՀ կառավարութեան մարդասիրական օգնութեան կեդրոնական յանձնաժողովի, ՀՀ կառավարութեան եւ ՀՀ Գերագոյն խորհուրդի կապի ապահովման, ՀՀ կառավարութեան եւ հասարակական կազմակերպութիւններու գործունէութեան, անչափահասներու եւ երիտասարդներու հարցերու ու թմրամոլութեան եւ թմրանիւթի պիզնեսի դէմ տարուող աշխատանքներու յանձնաժողովներու գործունէութիւնը:
1995-1996թթ. աշխատած է ՀՀ ընկերային ապահովութեան, զբաղուածութեան, բնակչութեան տեղաշարժի եւ փախստականներու հարցերու նախարար:
1996-1997թթ. աշխատած է ՀՀ կառավարութեան մարդասիրական օգնութեան կեդրոնական յանձնաժողովի նախագահ:
Նախաձեռնած եւ կեանքի կոչած է շարք մը պետական ծրագրեր:
Արժանացած է պետական պարգեւներու, այդ շարքին՝ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 1-ին աստիճանի մետալի:
Ռաֆայէլ Բագոյեանի հոգեհանիգստը տեղի պիտի ունենայ 18 նոյեմբերին, ժամը 18։00-ին՝ Երեւանի Նոր Նորքի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։
Յուղարկաւորութիւնը՝ 19 նոյեմբերին, ժամը 13։00-ին՝ նոյն եկեղեցւոյ մէջ։