image

Մահացած է Հնչակեան նուիրեալ գործիչներէն՝ Վասիլ Աքըլեան

 Մահացած է Հնչակեան նուիրեալ գործիչներէն՝ Վասիլ Աքըլեան

 Հայրենիքի հանդէպ վառ զգացումներ ունեցող Վասիլ Աքըլեան տարբեր փուլերու կարեւոր կապ հանդիսացած է մէկ կողմէ (մասնաւորապէս Սովետական Հայաստանի ժամանակներուն) Հայաստանի եւ միւս կողմէ Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութներուն միջեւ ու մասնակից դարձած է Պէյրութ մեկնող մշակութային խումբերու ելոյթներու կազմակերպման։

 

 

Պէյրութի մեր աղբիւրէն տխուր լուր ստացանք։

 

Մահացած է ՍԴՀԿ-ի նուիրեալ գործիչներէն՝ Վասիլ Աքըլեան։

Կը նշուի, որ հանգուցեալը ծնած էր Դամասկոս (1932-ին) եւ երիտասարդ տարիքին փոխադրուած էր Պէյրութ, ուր գործած էր առեւտրական տարբեր ոլորտներու մէջ։

 Շրջան մը գործած էր Քուէյթի մէջ եւ սատարած տեղի հայկական համայնքի կազմաւորման աշխատանքներուն։

 

 

 Հայրենիքի հանդէպ վառ զգացումներ ունեցող Վասիլ Աքըլեան տարբեր փուլերու կարեւոր կապ հանդիսացած է մէկ կողմէ (մասնաւորապէս Սովետական Հայաստանի ժամանակներուն) Հայաստանի եւ միւս կողմէ Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութներուն միջեւ ու մասնակից դարձած է Պէյրութ մեկնող մշակութային խումբերու ելոյթներու կազմակերպման։

 

 Ապա պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան եւ ՀՄՄ-ի մէջ դառնալով  այդ մարզական միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ։

 

 Շրջապատին հանդէպ  հոգատար  եւ իր  պէյրութահայ    անապահաով խաւերուն  օգնութեան ձեռք մեկնած Վասիլեան   պատասխանատու պաշտօն ստանձնած է նաեւ ՀԿԲՄ-ի   շրջանակներուն մէջ։

 

 Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը ՝ Պէյրութի մէջ։