85 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած է Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախկին նախարար, զօրավար Մոհամմատ Հուսէյն Թանթաուին:
Թանթաուի երկրին կառավարումը ստանձնած էր որպէս զինուած ուժերու Գերագոյն խորհուրդի նախագահ եւ պաշտպանութեան նախարար 25 Յունուարի յեղափոխութենէն ետք:
Զօրավար Թանթաուի 1956-ին աւարտած է Եգիպտոսի ռազմական, այնուհետեւ`հրամանատարաշտաբային գոլեճը:
Թանթաուի մասնակցած է 1967-ի եւ 1973 -ի պատերազմներուն, ուր ան հետեւակի մարտական ստորաբաժանման հրամանատարն էր: