image

Լուռ Է Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեանը. Ի՞նչու

Լուռ Է Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեանը. Ի՞նչու

 Շուրջ ամիս մը առաջ իր հրաժարականը ներկայացուցած Պոլսոյ Պատրիարքութեան Կրօնական Ժողովի ատենապետը ՝ Տ. Թաթուլ Ծայրագոյն Վարդապետ Անուշեանը կը շարունակէ լուռ մնալ: Մէկէ աւելի լրատուական աղբիւրներ փորձած են հրաժարական տուած վարդապետէն տեղեկութիւններ ստանալ Պատրիարքարանի ցողերէն ներս գրանցուած վերջին զարգացումներուն մասին սակայն ի զուր: Վարդապետը լուռ է: Ան կը մերժէ խօսիլ: Բացայայտ է նաեւ, որ վարդապետին հրաժարումէն ետք աւելիով «անդամալուծման» ենթարկուած է Պատրիարքարանի ազգային- կրօնական կեանքը հակառակ անոր, որ վարչական մարմիններն ու Պատրիարքի տեղապահ սրբազան հայրը կը փորձեն շարունակել իրենց գործունէութիւնը: Բացի ասկէ ակներեւ է նաեւ, որ կրօնական դասուն մօտ որոշ լարուածութիւններ եւ հարցադրումներ կան ու այդ հարցերը ուռճանալով իրավիճակը դարձուցած են անելանելի: Խորքին մէջ այս վիճակէն վնասողը Հայոց Եկեղեցին է ու Պոլսոյ Պատրիարքական Սուրբ Աթոռը: Իր լռութեան ընդհանուր ֆոնին վրայ յուսալի էր նաեւ, որ Թաթուլ Վարդապետ Էջմիածին հրաւիրուի Ամենայն Հայոց վեհափառ հայրապետին հետ գլուխ- գլխի քննարկելու առկայ տագնապին բոլոր առանցքները: Այս հաւանականութեան դիմաց խնդիրները լռութեամբ դիմակայելը շնորհակալ գործ մը չէ ու նոյն առւմով եղածին բոլոր մեղաւորւթիւնը Արամ Սրբազան Աթէշեանին ուսերուն վրայ բարդելը եւս լուծման հնարաւորութիւններ չի կրնար ստեղծել: Այս առումով է նաեւ, որ պիտի ըսենք, որ Թաթուլ Ծայրագոյն Վարդապետը պէտք է խօսի: Առնուազն տագնապէն դուրս գալու եւ Պատրիարքի ընտրութեան ընդհանուր գործընթացներուն համար յոյսի նոր պատուհան մը բանալու համար: