image

Լոս Անճելըսի մէջ. Խումբ մը Հնչակեան աւագ եւ նուիրեալ անդամներ «Փարամազ» շքանաշանին արժանացան (Լուսանկարներ)

Լոս Անճելըսի մէջ. Խումբ մը Հնչակեան աւագ եւ նուիրեալ անդամներ «Փարամազ» շքանաշանին արժանացան (Լուսանկարներ)

Օրերս, Փասատինայի մէջ տեղի ունեցած մեծարանքի հանդիսութեան մը. ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան խումբ մը անդամներ պարգեւատրուած են «Փարամազի» անուան շքանշանով:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ մեր գործընկեր «Մասիս» շաբաթաթերթէն, ուր մասնաւորապէս գրուած էր՝

Անցնող շաբաթավերջին` 24 Փետրուար 2024, Փասատինայի ՀԿԲՄ.ի սրահէն ներս տեղի ունեցած  մեծարանքի շքեղ ճաշկերոյթևհանդիսութեան մը ընթացքին ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան  խումբ մը անդամներ պարգեւատրուեցան «Փարամազի» անուան  շքանշանով:

Ներկայ էին միջոցառման հովանաւոր` ՍԴՀԿ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ` Տէր եւ Տիկ. Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեան, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վարչութեան այլ անդամներ, ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մամինի ատենապետ`  Տէր եւ Տիկին Վազգէն Խոտանեան, ենթակառոյցներու ղեկավարներ եւ մեծ թիւով  կուսակցականեր ու համակիրներ:

Երեկոյթի կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով օրուան հանդիսավարներէն` Ծովիկ Քէօրողլեան, բարի գալուստի ջերմ խօսքերով ողջունեց սոյն յիշարժան ձեռնարկի մասնակիցները եւ պարզեց հաւաքի նպատակը, որ է` գնահատել գաղափարանուէր վաստակաշատ ընկերներու օգտաշատ ծառայութիւններն ու ներդրումը ի նպաստ կուսակցութեան ազգանուէր առաջադրանքներու իրագործումին:

 

 

 

Այնուհետեւ Ծովիկ Քէօրողլեան մէկ առ մէկ կարդաց կենսագրութիւնները այն ընկերներուն, որոնք պիտի արժանանային կուսակցութեան գերագոյն պատուանշանին` «Փարամազ» պատուոյ բարձր շքանշանին: Անոնք են` ընկերներ Ճորճ Յակոբեան (Նեվատա), Վազգէն Գալթագճեան (Լուիզիանա), Գրիգոր Խոտանեան, Ժիրայր Կիրակոսեան, Յարութ Պոյամեան, Վահէ Աջապահեան եւ Վարդան Քէօրողլեան:

Վերոյիշեալ ընկերները բեմ բարձրանալով իրենց պաշտօնական շնորհաւորագիրն ու «Փարամազ» պատուոյ շքանշանը ստացան ձեռամբ` ՍԴՀԿ. Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ` ընկ. Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեանի, արժանանալով ներկաներու բուռն ծափահարութեանց:

 

Այս առթիւ` ընկեր Համբիկ Սարաֆեան խօսք առնելով իր շնորհաւորութիւններն ու սրտագին բարեմաղթութիւնները փոխանցեց շքանշանակիր ընկերներուն: Ան` միաժամանակ անդրադարձաւ իւրաքանչիւր պարգեւատրեալին բարեմասնութիւններուն ու բերած ներդրումի կուսակցութեան քաղաքական, ընկերային եւ ժողովրդանուէր ծառայութիւններուն մէջ, մաղթելով յարատեւութիւն եւ նորանոր ձեռքբերումներ իրենց նուիրական առաքելութեան մէջ:

Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինին յաջորդեց տօնական խրախճանք, որուն հանդիսա-վարութիւնը ստանձնած էր  Ստեփան Յովակիմեանը:  Երեկոյի ընթացքին ազգայինևհայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցան  շնորհալի երգիչներ` Դաւիթ Սամուէլեանն  ու Յարութ Յակոբեանը:

Միջոցառումի աւարտին երգիչներուն միանալով ներկաները յոտնկայս կատարեցին  «Հնչակեան ենք մենք ուխտեալ զինուորներ» յեղափոխական երգը:

 

 Գ.Մ.