image

Լիբանանը Անդունդի Եզրին

Լիբանանը Անդունդի Եզրին

Մինչ երկար քաշքշուքներէ ետք կազմուած կառավարութիւնը իր ծրագրումի գործընթացներով յոյսի նշոյլներով կ՛օրօրէ լիբանանցիները, Լիբանանը իրաւամբ հասած է անդունդի եզրին: Հանրածանօթ իրողութիւն է, որ Լիբանանի ժողովուրդը, ի մասնաւորի վերջին տարիներուն, բազմատեսակ զրկանքներու եւ տառապանքներու մէջէն կ՛անցնի, որոնց նմանը երկրին բովանդակ պատմութեան մէջ տեղի չէ ունեցած: Պատճառը՝ երկրի ահաւոր դժբախտութեան տնտեսական այն սուր տագնապն է, որ անխնայ կերպով կը հարուածէ Լիբանանի ժողովուրդին մեծագոյն տոկոսը:

Աւելի մասնաւորուած խօսելով, տանք հակիրճ պատկեր մը, պարզելու համար դժբախտ կացութիւնը: Լիբանան այսօր կքած է աւելի քան ութսուն միլիառ տոլարի բեռան տակ: Այն աստիճան պարպուած էր երկին Կեդրոնական դրամական պահեստի գումարը, որ Լիբանան, անցեալ Մարտին (2021), անկարող եղաւ վճարելու 1,2 միլիառ տոլարի իր առած յանձնառութիւնը: Դժբախտ իրողութիւն մը Լիբանան երկրին համար, որ կը նշանակէ, որ եթէ դուրսէն զօրեղ միջամտութիւն մը (bailout) տեղի չունենայ, երկիրը բռնած կ՛ըլլայ ստոյգ սնանկութեան ճամբան: Երկրորդ ուշադրութեան առնուելիք պարագան այն է, որ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան անթափանց (opaque) գործառութիւնները, ի շահ վերնախաւին (էլիթ), պատճառ հանդիսացան նաեւ պահեստի գումարի օրինական սահմանէն վար իջնելուն, իրողութիւն մը, ուր այլեւս Կեդրոնական դրամատունը ի վիճակի չէր օժանդակութիւն հասցնելու միջին դասակարգին: Աղքատութիւնը յիսուն առ հարիւրէն աւելի վեր բարձրացաւ: Անգործութիւնը, սղաճը (inflation) օրըստօրէ աւելի սուր դարձաւ: Շատ մը կենսական նիւթեր, դեղորայքը մէջն ըլլալով, սկսան անգտանելի դառնալ դեղարաններու եւ հիւանդանոցներու մէջ: Շատերը զոհ գացին կենսական նշանակութիւն ունեցող դեղորայքի պակասէն:

Ուրիշ այլանդակ երեւոյթ մը:  

Լիբանանի քաղաքացին, որ իր սեփական դրամը, տոլարի հաշուով, օրինապէս մուծած էր լիբանանեան դրամատուները, կրնայ միայն փոքր գումար մը առնել անկէ: Նման ապօրէն երեւոյթ միջազգային ընկերութեանց մէջ երբեք տեղի չէ ունեցած: Միջազգային դրամատուներու օրէնքներու համաձայն, բացարձակապէս ապօրինի է: Նաեւ, մարդկային իրաւունքներու համաձայն:

Այսպէս, կարելի է թուել շատ մը այլ ժխտական երեւոյթներ, որոնց ծանօթ են նաեւ դուրսը  ապրողներ,  որոնք օրը օրին կը հետեւին զարգացումներուն:

Քիչ աւելի քան տարի մը առաջ, 2020-ի Օգոստոս 4ին, երկու հսկայ պայթումներ տեղի ունեցան Պէյրութի նաւահանգիստը: Նման ճարտարարուեստական պայթում մեր երկրագունդը չէր ճանչցած: Այդ պայթումները խլեցին երկու հարիւրէ աւելի մարդկային զոհեր, եօթը հազար վիրաւորներ եւ հարիւր հազարաւոր անձեր անտուն մնացին:

Կարծէք չէին բաւեր այն բազմատեսակ ողբերգութիւնները որոնք պայթեր էին քաղաքացիներու գլխուն, մէջն ըլլալով համատարած COVID ժահրը: Ամէնէն կարեւորը, կարծէք պայթումը փշրեց վերապրումի կամքը լիբանանցիներուն, որոնք շնորհիւ իրենց ձեռներէց ոգիին, տոկունութեան, ճարպիկութեան ու ճկունութեան, յաղթահարեր էր բազում դժուարութիւններ։

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, քաջածանօթ Լիբանանի ողբերգական կացութեան, զօրակցութեամբ Եւրոպական Միութեան, Լիբանանի փրկութեան համար Master Plan-ով մը Պէյրութ  փութաց երթալ: Ան խոստացաւ 11 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն Լիբանանին եւ ատոր փոխարէն պահանջեց կառուցային (structural) բարեկարգութիւն եւ երկրին կառավարման ձեւին փոփոխութիւնը: Թափանցիկութիւն ամէն մակարդակի վրայ, հաշուետուութիւն եւ հաշուեքննութիւն (auditing): Մաքրոն խոստացաւ նաեւ միլիառաւոր տոլարներու հաւասարող գումարներ վերցնել Եւրոպական Միութենէն, նոյն նպատակին համար: Եւրոպական Միութիւնը, իր կարգին, պայման կը դնէր հաշուեքննել Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունը, վստահ ըլլալու համար, թէ ծախսուելիք գումարները ինչպիսի՞ ուղղութեամբ պիտի գործածուին: Մէկ խօսքով, այդ գումարները պէտք է գործածուէին երկիրը վերականգնելու հաշւոյն եւ ոչ թէ զեղծարար, գող ու ժողովուրդին արիւնը ծծող քաղաքական ընտանիքի մը սեփական հարստութիւնը աւելցնելու: Երեւակայեցէք, որ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան ընդհանուր կառավարիչը (Rafic Salama) կը շարունակէ մնալ իր պաշտօնին վրայ: Լիբանանի ընտրանին, որ կը կազմէ բնակչութեան 10 առ հարիւրը, տէրն է Լիբանանի հարստութեան 70 առ հարիւրին: Այսպիսի անհաւասար պետութիւն քիչ կը գտնուի այս երկրագունդին վրայ:

Ի տես երկրէն ներս տիրող ներքաղաքական իրադրութեան սակայն, Մաքրոն եւ Եւրոպա սառեցուցին իրենց նախաձեռնութիւնը: Այսպիսով, Լիբանանի յարանուանական քաղաքական պետերը, որոնք առաւելաբար իրենք պատճառ հանդիսացեր էին Լիբանանի արիւնաքամ վիճակին, իրենց նեղ հաշիւներուն համար, անտեսելով երկրի ապագան, պատճառ եղան, որ Ֆրանսան եւ Եւրոպան ձեռք քաշէն Լիբանանէն, զայն մատնելով անել կացութեան:

Այս կէտէն անդին արդեօք բան կը մնա՞յ ընելիք, երկիրը կործանումէ փրկելու համար:  

Նախ պատմական ամփոփ ակնարկ մը նետենք Լիբանանի գոյառումէն ասդին:

Փաստօրէն, Լիբանանի էութիւնը, ողնաշարը հանդիսացեր է Լեռնալիբանանը, ուր Միջին Արեւելքի մէջ հալածուած կրօնական յարանուանական փոքրամասնութիւնները ապաստան գտեր են: Քրիստոնեայ մարոնիթներ, տիւրզիներ եւ ուրիշներ: Անոնք իրարու միջեւ խաղաղ գոյակցութիւն մը ստեղծեր էին:

Լեռնալիբանանը, որպէս աշխարհաքաղաքական տէրութեանց ապահովութեան կարեւոր գօտի (buffer zone) եւրոպական տէրութեանց, յատկապէս Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ ուշադրութեան առարկայ դարձեր էր 17-րդ դարէն սկսեալ: Եգիպտոսի իսկական տիրոջ (անուանապէս Օսմանեան կայսրութեան) Մուհամմատ Ալիին որդին՝ Իպրահիմ փաշան, գրաւեց Լիբանանը, Օսմանեան կայսրութեան թշնամի յայտարարելով սուլթանը: Եւրոպական տէրութիւնները ստիպեցին Իպրահիմ փաշային քաշուիլ Լիբանանէն: Անոնք պահպանել ուզեցին «Եւրոպայի հիւանդ մարդը»՝ Օսմանեան կայսրութիւնը: Եւրոպական երկիրներու մրցակցութիւնը պատճառ հանդիսացաւ քրիստոնեայ-տիւրզի ընդհանուր բախումի, 1860-ին: Ֆրանսա զօրք ղրկեց, փրկեց քրիստոնեաները եւ մասնաւոր դրութիւն մը ապահովեց Լեռնալիբանանին:

Ֆրանսա, առաջին աշխարհամարտէն ետք իր հոգատարութեան տակ առնելէն ետք Լեռնալիբանանը, 1920-ին հռչակեց Մեծն Լիբանանը, Լեռնալիբանանին կցելով ծովեզերեայ մասեր՝ Պէյրութ, Թրիփոլի, Սայտա եւ Սուր:

1936-ին, ֆրանսական հոգատարութեան շրջանին, այսպէս կոչուած Բարձր գոմիսարիան, մասնաւոր հրամանագիր մը հռչակեց, որով Լիբանանի համայնքայնական դրութիւնը կը հաստատէր: Այսինքն, Լիբանանի գլխաւոր համայնքները (մէջն ըլլալով հայ համայնքը), երկիրը պիտի կառավարէին, լռելեայն հասկացողութեամբ իրենց միջեւ բաժնուած կառավարական գլխաւոր պաշտօններով:

Լիբանան, որ միշտ ցանկացած էր անկախ եւ գերիշխան երկիր դառնալ, 1943-ին վերջապէս անկախութեան տիրացաւ: Մարոնիթ Պշարա Խուրին եւ սիւննի Ռիատ Սոլհ, այսպէս կոչուած (անգիր) «Ազգային ուխտ»ը հռչակեցին, որպէս հիմք Լիբանանի անկախութեան եւ երկրին կրօնական համայնքներու գոյակցութեան: Լիբանանցի նշանաւոր թղթակից Ճորճ Նագգաշ, որ հիմը դրած էր L’orient օրաթերթին, նշանաւոր խմբագրական մը գրեց նշելով՝ «Ո’չ արեւմտականացում եւ ո’չ ալ արաբականացում»: Ինչպէ՞ս կարելի էր երկու ժխտականներու վրայ երկիր հիմնել: Ինչ որ կը նշանակէր միջհամայնքային համաձայնութիւն մը, որ կ՛ենթադրէր, թէ քրիստոնեաները պէտք չէր որ Լիբանանը դէպի Արեւմուտք քաշէին եւ նաեւ իսլամներն ալ, իրենց կագին, դէպի արաբականացում:

Համայնքային դրութեան վրայ հաստատուած Լիբանանը, ճիշդ սկիզբէն, իմաստուն քայլեր առաւ, որոնցմէ էր Banque du Syrie et du Liban անջատել իրարմէ: Այսինքն, Լիբանանի դրամական դրութիւնը 1949-ին անկախացաւ: Առաւել, դրամատնային գաղտնապահութեան (secret banquere) դրութիւնն էր, որ պիտի հաստատուէր Լիբանանի մէջ, Զուիցերիոյ օրինակով: Այս միջոցառումները պատճառ հանդիսացան, որ Միջին Արեւելքէն հսկայ գումարներ Լիբանանի դրամատուները հոսին: Առաւել՝ մինչ Միջին Արեւելքի արաբական երկիրներուն մէջ պետական հարուածները իրարու կը յաջորդէին, Լիբանան ազատ առեւտուրով կը զբաղէր: Միջազգային առումով, շուրջ քառորդ դար, Լիբանանը բարգաւաճ, աչքի զարնող երկիր մը դարձաւ:

Այսօր սակայն, Լիբանանը դժբախտաբար հասեր է անդունդին եզրին: Եւ ատոր հիմնական պատճառը, նոյն այդ համայնքային քաղաքական պետերն են, որ այսօր արիւնաքամ վիճակի հասցուցեր են այդ չքնաղ, ազատ ու բարգաւաճ երկիրը:

1958-ին Լիբանանի միջքաղաքացիական դէպքերու օրերուն, Եգիպտոսի նախագահ Կամալ Ապտըլ Նասըր նշանաւոր խօսք մը ըսաւ. «Եթէ Լիբանան մը գոյութիւն չունենար, արաբական աշխարհը պէտք է, որ ստեղծէր Լիբանան մը»:

Հիմա, այս կէտէն անդին, ի՞նչ կը մնայ փրկելու համար երկիրը: Դուրս բերելու համար իր անել ու անտանելի վիճակէն.

 ա) Լիբանանի որոշ խաւի մը մէջ կը զարգանայ այն միտքը, թէ հարկ է ստեղծել համայնքային դրութենէն ձերբազատ, աշխարհիկ (secular) պետութիւն մը, ազատ, թափանցիկ ու օրէնքի ենթակայ:

 բ) Մարոնիթ կարգ մը շրջանակներու մէջ, ժամանակէ մը ասդին, գետին սկսած է շահիլ այն գաղափարը, թէ եթէ Պաղեստինի մէջ հրեաները կրցած են հայրենիք ստեղծել ինչո՞ւ քրիստոնեաները չունենան իրենց սեփական հայրենիքը: Այս երկուքն ալ փոքրամասնութիւններ են եւ իրարու թիկունք պէտք է կանգնին: Գործնապէս ըսուածը այն է, որ Լիբանանը պէտք է բաժնել քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն միջեւ: 1975-ին Իսրայէլ արդէն գրաւեր էր Լիբանանի հարաւէն մաս մը: 1982-ին, Իսրայէլ արշաւեց Լիբանան եւ հասաւ մինչեւ Պէյրութ: Մնացեալը գիտենք արդէն: Սապրա եւ Շաթիլա պաղեստինցիներուն ջարդը: Այսօր, քրիստոնեաները Լիբանանի մէջ փոքրամասնութիւն մըն են պարզապէս: Հազիւ բնակչութեան մէկ երրորդը: Մեծ կշիռ մը չունին երկրին մէջ:

 գ) Իմ տեսակէտով, կը մնայ միակ գործնական երրորդ ընտրանքը՝ միակը Լիբանանի փրկութեան համար: Համայնքային դրութեան շարունակուող եւ ակնյայտ թերութիւններով եւ անխուսափելի որոշ ժխտական երեւոյթներով հանդերձ, անմիջապէս, առանց որեւէ ժամանակ կորսնցնելու, կրկին դիմել Եւրոպայի եւ յատկապէս Ֆրանսայի, որ նիւթական օգնութիւն հասցնեն, երկիրը իր քաոսային վիճակէն դուրս բերելու համար: Լիբանանի համայնքային դրութիւնը բարեկարգել, Կեդրոնական դրամատան դրութիւնը եւ տուրքերու մասնահատուած վիճակը կարգի բերել եւ այս՝ Եւրոպական դրամատան ուղղակի հսկողութեան տակ, հաշուեքննութիւն ընելու իրաւունքով:

Լիբանանի մէջ թշուառութեան գրեթէ ութսուն տոկոսին հասած ժողովուրդը ոտքի պէտք է ելլէ պատասխանատուութեան կանչելու եւ չէզոքացնելու համար Լիբանանի քաղաքական պետերը, որոնք իրենց գրպանները լեցնելով երկրին գոյութեան հիմերը կործանած են:  Այսպէս թէ այնպէս, երկրին այդ տզրուկ, ժողովուրդը արիւնաքամ ընող մաֆիան, պէտք է որ հեռանայ քաղաքական եւ ընկերային թատերաբեմէն:

Այս է երկրին միակ փրկութիւնը:

Կորսնցնելու ժամանակ չկայ այլեւս:


ՓԱՆՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆ