image

Լիբանանի Քաղաքական Կեանքը Նոր Փոթորիկի Առաջ. Ուալիտ Ժոմպլաթ Կը Պահանջէ Ներքին Գործոց Նախարարին Հրաժարականը

Լիբանանի Քաղաքական Կեանքը Նոր Փոթորիկի Առաջ.  Ուալիտ Ժոմպլաթ Կը Պահանջէ  Ներքին Գործոց Նախարարին  Հրաժարականը

Լիբանան- Լիբանանցի Տիւրզի համայնքի  ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ       իր  Twitter-եան հաշուով  գրառում մը կատարելով երկրի ներքին   գործոց նախարարէն  պահանջած է հրաժարական տալ: Ժոմպլաթ   ըսած է, որ  ցուցարարներուն վրայ  գործադրուած   բռնութիւնները  անընդունելի են եւ  իր խօսքը    նախարար Մաշնուքին ուղղելով  անկէ պահանջած է  հրաժարական տալ:  Նշենք, որ նախարար Մաշնուք կը գտնուի երկրէն դուրս  եւ  ան  յայտնած է,  թէ ինք ամէն ճիգ պիտի գործադրէ լուծելու աղբահանութեան հարցը:  Նոյն առումով  ներքին գործոց նախարարութեան ապահովութեան մարմինները յայտնած են, թէ   իրենց անդամ   35 զինուորներ վիրաւորուած են:   Այս պահուն    հանդարտ իրավիճակ կը տիրէ   Պէյրութի կեդրոնական հատուածին մէջ: «Արեւելք»  Կը  շարունակէ  հետեւիլ    իրադարձութեանց  ընթացքին: