Air France, Lufthansa (կը ներառէ Brussels Airlines-ը, Swiss-ը, Austrian Airlines-ը, Eurowings-ը), ITA, Transavia օդանաւային ընկերութիւնները յայտարարած են դէպի Թէլ Աւիւ թռիչքներու ժամանակաւոր դադրեցման մասին՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ անվտանգութեան հետ կապուած իրավիճակի պատճառով։
Ինչպէս գրած է իսրայէլեան detaly.co.il կայքը, Air France-ը նաեւ դադրեցուցած է թռիչքները դէպի Պէյրութ՝ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի սրման մտավախութիւններու պատճառով:
Lufthansa նաեւ յայտարարած է դէպի Թեհրան բոլոր թռիչքներու չեղարկման մասին։ Միաժամանակ Lufthansa-ն յայտարարած է, որ ընկերութիւններու խումբի օդանաւերը պիտի շրջանցեն Իսրայէլի եւ Իրանի օդային տարածքը։
Այս յայտարարութիւնները եղած են այն բանէ ետք, երբ երեքշաբթի Լիբանանի մէջ «փէյճըր»ներու զանգուածային պայթում տեղի ունեցան, որու հետեւանքով կան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ: