Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն այսօր առաւօտուն հիւանդանոց փոխադրուած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանէն։
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ երկրի նախագահի քննութիւններու եւ շողարձակ լուսանկարներ ունենալու համար փոխադրուած է Պէյրութի «Օթէլ Տյո» հիւանդանոց եւ շատ հաւանաբար այսօր յետմիջօրէին դուրս գայ հիւանդանոցէն։