Լիբանանի ՌԱԿ Պատուիրակութիւն մը օրերս այցելութիւն տուած է «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան նախագահ Տօքթ. Սամիր Ժաաժային։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ «Լիբանանեան ուժեր»ու նախագահի դիմատետրեան էջէն։
Պատուիրակութիւնը որ կը գլխաւորէր ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Տօքթ. Աւետիսեան Տագէսեանը Ժաաժա՛յին հետ քննարկած է Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական բարդ իրավիճակը։
Քննարակուած են նաեւ երկու կողմերը յուզող բազմաթիւ հարցեր։
Յիշեցնենք, որ հանդիպման ներկայ եղած է Էշրէֆիյէ շրջանի «Լիբանանեան ուժեր»ու ցուցակով ընտրուած երեսփոխան Ժիհատ Բագրատունի, նախկին նախարար Ռիշար Գույումճեան, իսկ ՌԱԿ-ի կողմէ Տիարք Արա Գոյունեան եւ Արա Թէրզեան։