Լիբանանի մէջ, տնտեսական տագնապը անգործութեան մատնած է շատ մը ոլորտներ, անոնց կարգին է նաեւ քաղցրեղէնի արտադրութիւնը: Անուշավաճառները մեծ դժուարութեամբ կը փորձեն ապահովել տարադրամ, տիրանալու հում նիւթերուն:
«Քորոնա»յի սահմանափակումներէն ետք, անուշավաճառներու խանութները նոր սկսած էին բանալ իրենց դռները, երբ տարադրամի (ամն տոլարի) աներեւեկայելի մագլցումը սկսաւ, եւ անուշեղէնները սկսան սղաճ արձանագրել 100-150 տոկոսով:
«Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւններ «Ալ Նահար» օրաթերթի կայքէն, որ Ս. Զատկուայ նախօրեակին, անդրադարձած է, տօնին առթիւ անուշեղէն գնելու սովորոյթին ու նիւթական տագնապին: Զատիկի կարկանդակի մէկ քիլոյի գինը արդէն հատած է 8.1000 լիբանանեան լիրայի սահմաննները, իսկ արեւելեան աւանդական «փախլաւա»ի գիլոն դարձած է 130.000 լիբանանեան լիրան:
Ի դէպ լիբանանցիներէն շատեր, արտայայտուած են, թէ այս տարի Ս. Զատիկը պիտի անցընեն առանց քաղցրաւենիք հիւրասիրելու, «Փախլաւան տէ լիւսքս է այլեւս...մեր կարողութենէն վեր»,- ըսած են անոնք:
Աղբիւրը նշած է, թէ զրուցած է քաղցրաւենիք արտադրող սենտիքայի անդամի մը հետ նաեւ գործարարներու, եւ բոլորը հաստատած են, թէ տարադրամի բարձրացումը, արհեստաւորներուն գաղթը, կանխիկ գումարներու չգոյութիւնը, մեծ հարուածներ կը հասցընեն այդ ոլորտին: Ըստ անոնց, հում նիւթերու՝ ինչպէս իւղին, կարագին, սղութեան հետ առընթեր, այլեւս անկարելիութիւն կը դառնայ, այս գործի շարունակութիւնը: Անոնք ըսած են նաեւ, թէ անհնար է արտասահման փոխադրուիլ, այնտեղ նոր մասնաճիւղ բանալ, որովհետեւ դրամագլուխները դրամատնային սահմանափակման մէջ են:
Լիբանանեան քաղցրաւենիքի արտադրութեամբ զբաղող բազմաթիւ աշխատողներ, խանութպաններ, խոհարարներ, արդէն անգործ են եւ իրենց մտահոգութիւնը միացնելով բոլոր այլ ոլորտներու անգործներուն, կը հարցնեն, դէպի ո՞ւր: